2012-10-05 12:34:22

«Նոր աւետարանացումը եւ քրիստոնեական հաւատքի փոխանցումը»


Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումը եւ անհաւատութիւնը
Աշխարհի ստեղծագործումէն հազարաւոր տարիներ ետք, մարդը իր մտային կարողոթեամբ, կրցաւ հասնիլ մոլորակներուն եւ երեւան հանել երկրի ընդերքին մէջ կուտակուած հարստութիւնները: Իր գոյատեւումը ապհովելու համար, ստիպուած եղաւ համակերպիլ բնութեան տուեալներուն: Սակայն, բոլոր պարագաներուն տակ ան համոզուեցաւ թէ իր գոյութիւնր կր պարտի գերբնական ուժի մը, որ երբեմն Աստուած կոչուեցաւ եւ երբեմն ոչինչ: Առաջին դասակարգը դարձաւ Աստուծոյ հաւատացեալը, իսկ միւսը՝ անհաւատը կամ անաստուածը:
Անհաւատութիւնը կամ անաստուածութիւնը ժամանակակից երեւոյթ մը չէ, ինչպէս կր կարծուի, եւ ոչ ալ արդիւնքը գիտութիւններուն կամ քաղաքակրթութեան զարգացումին: Քրիստոսէ առաջ թէ ետք, գոյութիւն ունեցած են մարդիկ, որոնք տեսանելի երեւոյթներէ անդին եւ վեր կանգնած էակի մը գոյութեան գաղափարը դժուարաւ ընդունած են կամ պարզապէս զայն մերժած են:
Եթէ Աստուածաշունչի լեզուով խօսինք, անաստուածները կր դասենք Եհովային կամ Տիրոջ չհաւատացողներու շարքին: Իսկ եթէ հեթանոսներու լեզուով բացատրենք, անհաւատները կը կազմեն կուռքերու պաշտամունքին ենթարկուող անձերը:
Մինչեւ որոշ ժամանակ, անհաւատութիւնը կամ անաստուածութիւնը յատուկ մտածելակերպ էր, առանց հաւաքական տարողութիւն ունենալու կամ գիտական եւ իմաստասիրական նկատումներու վրայ հիմնուելու: Սակայն վերջին դարերուն, եւ յատկապէս 19-րդ դարուն է որ մի քանի փիլիսոփաներու մղումով, գաղափարական եւ փիլիսոփայական գիտութիւնը սկսաւ հետզհետէ ծաւալում ունենալ լայն խաւերու մէջ: Անոնց պարագլուխները եղան յատկապէս գերմանացի Նիչէն ու Մարքսը եւ աւելի ուշ ֆրանսացի Սարդրը եւ Գամիւն:
ԱՆՀԱՒԱՏՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
Նիչէն մարդկութեան ամբողջական ազատագրումին պայմանը նկատած է «Աստուծոյ մահը» հռչակել, կարենալով փաստել թէ մարդուս բնական համոզումը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ գոյութիւնը նկատել իբր անտրամաբանական բան մը, քանի որ Աստուած չէ որ ստեղծած է մարդը, այլ մարդը՝ զԱստուած: Ուստի ինչպէս որ մարդը զայն յղացած է, այնպէս ալ պէտք է եւ կարենայ ոչնչացնել զայն, ձերբազատուելով ստրկութենէ մը որ կր շարունակէ խեղդել մարդը: Այսպէսով, անաստուածութիւնը կր ներկայանայ ոչ իբրեւ ժխտական գաղափարաբանութիւն մը, այլ իբրեւ դրական կեցուածք մը ազատութեան ձգտող մարդուն կողմէ:
Իսկ եթէ Մարքսի կողմը երթանք, կր տեսնենք թէ իրեն համար Աստուծոյ դաղափարը մաս կը կազմէ տիրապետող դասակարգերու եւ մարմիններու ռազմագիտութեան՝ զօրացնելու համար ընկերային յատուկ ձեւ մը կապիտալիզ մը, բռնատիրական փոքրամասնութեան մը կողմէ եւ փաստելու համար թէ ամէն իշխանութիւն Աստուծմէ կր բխի: Հետեւաբար, հարկ է ենթարկուիլ ընկերային անհաւասարութիւններ ու նաեւ անարդարութիւններու, որպէսզի չխախտուի Աստուծոյ եւ անոր հետեւորդներուն հաստատած կարգ ու մակարդակը: Ըստ Մարքսի, գիտութիւնն ու ընկերային յեղաշրջումները պիտի յաջողին ի վերջոյ արմատախիլ ընել Աստուծոյ եւ կրօնքի գաղափարր, հաստատելով երկրի վրայ երջանկութեան դրախտը, զոր քրիստոնեաները կը խոստանան երկինքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.