2012-10-04 09:31:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Այցելութիւնը Լորէթօ Նշելու Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Աշխատանքներու Սկիզբի 50րդ Ամեակը


Հինգշաբթի 4 հոկտեմբեր 2012։Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայպետի Լորէթօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր առաւօտեան ժամը 9-ին ինքնաթիռով միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Լորէթօ ուր ժամանեց մէկ ժամ ճանապարհորդութենէ ետք ժամը 10-ին ՅՊԲ-ի անումաբ Մոնթորսոյի կեդրոնը։Սրբազան Քահանայպետը դիմաւորեցին Լորէթոյի Արքեպիսկոպոս Ճովաննի Թոնուչչին, Իտալիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Տիար Անթոնիօ Գաթրիքալան, Մարքէ Նահանգի կառավարիչը, Իտալիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակ` գերպայծառ Ատրիանօ Պէրնարտինին, Լորէթոյի քաղաքապետն ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններ։
Նորին Սրբութիւնն ու իրենց ընկերացող շքախումբը արդ ուղղուեցան դէպի Լորէթոյի Տիրամօր հրապարակը ուր տեղի ունեցաւ Ս. պատարագի արարողութիւն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։ Պատարագի սկիզբը Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Լորէթոյի քաղաքապետ` Տիար Բաոլօ Նիքոլէթթին ու Լորէթոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ճովաննի Թոնուչչին։
Բարի գալուստի խօսքերէն ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Սուրբ Տնակը ուր տապանակին առջեւ երկրպագելէ ու Սուրբ Կողսին աղօթելէ ետք բարձրացաւ Տիրամօր Հրապարակի բացօթեայ տարածքին վրայ պատրաստուած խորանը ու գլխաւորեց Սուրբ պատարագի զոհը եւ որուն ընթացքին քարոզ մը արտասանեց։
Յետ Սուրբ Զոհին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ ՅՊԲ-ի անուան Մոնթորսոյի կեդրոն ուր եղբայրական ագապը բաժնեկցեցաւ իրեն ընկերացող շքախումբին հետ։ Ժամը 16.30 Սրբազան Հաղյրը հանդիպում ունեցաւ հովուական այցելութիւնը կազմակերպող յանձնախումբին հետ ու ապա ուղղուեցաւ դէպի Իքնաթիռ ուր հրաժեշտ առնելէ ետք հոն գտնուող քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններէն ժամը 17-ին մեկնեցաւ ու վերադարձ կատարեց Վատիկան ուր ժամանեց ժամը 18-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.