2012-10-04 11:55:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Լորեթոյի Մէջ։
Քահանայապետի Մը Ութերորդ Այցելութիւնը՝Վերջին 50 Տարիներու Ընթացքին։


Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ.ի պատմական այցելութենէն ետք Լորեթոյի ՝՝Սրբազան Տնակի՝՝ գտնուած Սրբավայրը՝ 4 Հոկտեմբեր 1962ին ( յիշենք՝ Վատիկանեան Բ.Տիեզերական Ժողովի բացման նախորեակին), Երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան այս քաղաքը այցելեց հինգ անգամ՝ 1979ին, 1985ին, 1994ին, 1995ին , եւ 5 Սեպտեմբեր 2004ին որ եղաւ անոր հովուական վերջին այցելութիւնը։
Ըստ աւանդութեան Լորեթոյի Սրբավայրի մեծ Եկեղեցիին մէջ գտնուող ՝՝Տնակը՝՝ Նազարէթի այն յարկն է ուր բնակած է Տիրամայրը եւ ուր Ողջունուած է Գաբրիէլ Հրեշտակապետէն որպէս ՝՝Լի Շնորհօք՝՝։ Ներկայ Եկեղեցիին կառուցումը սկսած 1468-ին աւարտած է 16.րդ դարու վերջաւորութեան։

Իսկ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Իտալացի Երիտասարդներու Հաւաքի առթիւ 2007-ի՝ 1 եւ 2 Սեպտեմբերին ուխտագնացութեան գնաց Լորէթոյի Սրբավայրը ,բայց ուր արդէն 7 անգամ գտնուած էր որպէս Կարտինալ։

Վերջին եօթը դարերու ընթացքին, աւելի քան 50 Քահանայապետներ (75 Քահանայապետերու շարքին ) 1294-էն մինչեւ մեր օրերը(Նազարէթի ՝՝Սուրբ Տնակի՝՝ Սուրբ Երկրէն Լորէթօ ժամանման թուականը) ուղղակի եւ անձնապէս զբաղուած են Սուրբ Տնակով։ Իսկ Կղեմէս Ե.Պապը 18 Յուլիս 1310ին,կոնդակով մը անուղղակիօրէն կը հաստատէր Սուրբ Տնակի վաւերականութիւնը,եւ Պապերը յաջորդ դարերուն ցոյց տուին իրենց բարեպաշտութիւնը Լորեթոյի Սուրբ Կոյսի հանդէպ ,յատկապէս ողբերգական պարագաներուն։

Իտալիոյ Մարեմեան ամենէն հռչակաւոր Սրբավայրի վարչութիւնը,կալուածը եւ մատակարարութիւնը Քահանայապետական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.