2012-10-04 12:17:02

Թուրքիա Կրակ Կը Բանայ Սուրիոյ Ուղղութեամբ։ Պատերազմի Կայծեր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ Միջեւ ։


Թրքական հրետանին յարձակած է Սուրիա գտնուող թիրախներու վրայ։ Այսպէս ՝ Սուրիոյ հակամարտութեան աւելի քան մէկ ու կէս տարուայ ընթացքին Անգարան առաջին անգամ ըլլալով կրակ բացած է Սուրիոյ ուղղութեամբ:
Ինչպէս ծանոթ է նախօրէին Սուրիոյ սահմաններէն կատարուած ռմբարձակում մը Թուրքիոյ սահմանային Աքչաքալէ գիւղը բնակող կին մը ու չորս երախաներ սպաննած էր : Այս յարձակումին Թուրքիան երէկ գիշեր պատասխանած է հրետակոծութեամբ։ Թուրքիան հաստատած է, որ կրակ բացած է սահմանէն 10 քլմ հերաւորութեան վրայ գտնուող Թել ալ Աբյադ վայրի վրայ:
Այս միջադէպի կապակցութեամբ կը սպասուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրուդի դատապարտումը, որուն Թուրքիան կոչ ըրած է «անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու » Սուրիոյ «յարձակողականութիւնը » դադրեցնելու համար:
Միաժամանակ , Թուրքիոյ խնդրանքով Պրիւքսէլի մէջ անմիջական տեսացկութիւն մը տեղի ունեցած է ՆԱԹՕ-ի պատասխանատուներու միջև,ՆԱԹՕ յայտնած է իր զօրակցութիւնը Թուրքիոյ։ :








All the contents on this site are copyrighted ©.