2012-10-04 11:52:43

Աւելի Քան 10 Հազար Հաւատացեալներ Լորէթոյի Մէջ Մասնակցեցան Սրբազան Քահանայապետի Մատուցած Սուրբ Պատարգին։


Ով <<Այո>>-ի Մայր օգնէ մեզի հռչակելու Յիսուսը

Հինգշաբթի 4 հոկտեմբեր 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լորէթոյի Տիրամօր Սրբավայրը ուր առաւօտեան ժամը 10.30 Լորէթոյի Սրբավայրի հրապարակի վրայ գլխաւորեց բացօթեայ Սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ տեղական կղերին, քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու աւելի քան 10 հազար ուխտաւոր հաւատացեալներուն։
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայպետը նախ անդրադաձաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայապետի 4 հոկտեմբեր 1962-ին, վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի նախօրեակին Լորէթօ կատարած ուխտագնացութեան, Տիրամօր հովանիին յանձնելու տիեզերական ժողովի աշխատանքները։
Հիսուն տարիներ ետք- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- ես ալ որպէս այդ անմոռանալի քահանայապետի յաջորդ` ուխտագնացութեամբ հոս ժամանած եմ Աստուածամօր հովանիին յանձնելու եկեղեցական երկու կարեւոր ձեռնարկներ. Հաւատոյ Տարին, որ սկիզբ կ՛առնէ 11 հոկտեմբերին, վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձի առթիւ եւ <<նոր աւետարանութիւնը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>> նիւթով Եպիսկոպոսական Սինհոդոսի ընդհանուր ժողովը։
Սրբազան հայրը ապա ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու շնորհակալութիւն յայտնեց Լորթէոյի Արքեպիսկոպոսին, ներկայ գտնուղ եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին ինչպէս նաեւ քաղաքապետին ու ներկայ գտնուող պատկան իշխանութիւններուն։
Նորին Սրբութիւըն ապա ակնարկեց իր Առաքելական Թուղթին որուն միջոցաւ հռչակած էր Հաւատոյ Տարին։
Ինչպէս գրած էի իմ առաքելական նամակիս մէջ - ըսաւ Ան - Հաւատոյ տարւոյն միջոցաւ << մտադիր եմ հրաւիրել ամբողջ աշխարհի Եպիսկոպոս եղբայրակիցներս որ միանան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, հոգեւոր շնորհքի ժամանակ որ Տէրը կը պարգեւէ մեզի, յիշելու համար հաւատքի թանկարժէք պարգեւը>>։ Եւ Ճիշդ հոս Լորէթոյի մէջ է որ կարելիութիւնը ունինք սորվելու Մարիամի դպրոցէն, Անորմէ որ երանելի հռչակուեցաւ որովհետեւ <<հաւատաց>> - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու անդրադարձաւ Սրբավայրին հոգեւոր նշանակութեան ու կարեւորութեան որպէս վայր ուր Աստուծոյ հրեշտակը Մարիամին աւետեց իր յղացումը Աստուծոյ որդւոյն։
Երանելի Յովհաննէս ԻԳ, Լորէթոյի մէջ հրաւիրած էր խորհրդածել այս խորհուրդի մասին <<երկնքի եւ երկրի միութիւնը որ է մարդեղութեան եւ փրկութեան նպատակը>> Ան ապա հաստատած էր թէ Տիեզերական Ժողովն ալ ունէր որպէս նպատակ տարածել Քրիստոսի մարդեղութեան եւ փրկութեան շառավիղը հասարակաց կեանքի ամէն խաւերու մէջ>>։ Այսօր եւս այս հրաւէրը աւելի զօրեղ կերպով կը հնչէ - յարեց Սրբազան Հայրը - այսօրուայ տագնապին մէջ որ միայն տնտեսական չէ այլ ընկերութեան զանազան մասնաճիւղերը կ՛ընդգրկէ, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութիւնը մեզի կը հասկցնէ թէ որքան կարեւորութիւն ունի մարդը Աստուծոյ համար եւ որքան կարեւոր է Աստուած մարդուն համար։ Առանց Աստուծոյ մարդուն եսասիրութինը կը գերակշռէ զօրակցութեան եւ սիրոյ զգացումները։ Հարկ է ուրեմն վերադառնալ Աստուծոյ որպէսզի մարդը մարդ ըլլայ դարձեալ։ Աստուծոյ հետ նոյնիսկ ամէնէ տագնապային դժուար պահերուն մէջ չի պակսիր յոյսի հորիզոնը. Մարդեղութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ միակ չենք, Աստուած մուտք գործած է մեր մարդկային կեանքէն ներս եւ մեզի կ՛ընկերանայ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադրձաւ աւետման կարեւոր մէկ հանգրուանի մասին որ է Աստուծոյ պահանջը մարդուն <<Այո>>ին։ Ան ուզեց ազատ խօսակից մը ունենալ եւ իր ստեղծած արարչութենէն կը խնդրէ որ ազատօրէն պատասխանէ։ Աստուած Մարիամին ազատ յարումը կը խնդրէ որպէսզի մարդանայ։ Թէեւ Մարիամի <<այո>>ն Աստուածային շնորհքի պտուղն է - ընգծեց սրբազան հայրը - սակայն շնորհքը ազատութիւնը չի ջնջեր այլ ընդհակառակը, օժանդակ կը կանգնի անոր։ Հաւատքը բան մը չի պակսեցներ մարդկային արարչութեան այլ անոր կատարեցումը կը թոյլատրէ։
Սիրեցեալ եղբաայրներ ու քոյրեր ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակելով, Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի ուխտագնացութիւնը նշող այս այցելութիւնը որ կը պատահի Սուրբ ֆրանչէսկոս Ասիզացիի տօնին օրը, կ՛ուզեմ Աստուծոյ Մօր յանձնել խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն փնտռող աշխարհի ապրած բոլոր դժուարութիւնները, շատ մը ընտանքիներու ապրած ապագայի հետ կապուած հարցերն ու մտահոգութիւնները, երիտասարդներու փափաքները, եւ սէր ու զօրակցութիւն սպասողներու չարչարաքները։ Աստուածամօր կ՛ուզեմ յանձնել եկեղեցւոյ հոգեւոր շնորհքի մեր առջեւ գտնուող այս շրջանը։ Ով <<Այո>>-ի Մայրը, որ մտիկ ըրիր Յիսուսին, Խօսէ մեզի Անոր մասին, պատմէ մեզի քու ուղեւորութիւնդ` հաւատքով հետեւելու Անոր, օգնէ մեզ զինք հռչակելու որպէսզի ամէն մարդ կարենայ զինք ընդունիլ ու դառնալ Աստուծոյ բնակարան։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.