2012-10-03 12:26:12

Վատիկանի Արտգործ Նախարարի Ելոյթը Մակի 67րդ Վեհաժողովին:
Սուրիոյ Տագնապը կը լուծուի Միջազգային Օրէնքները Յարգելով։ Մակը Բարեկարգումի Պէտք ունի։


Սուրբ Աթոռի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի` Նիւ Եորքի Մակի 67րդ Վեհաժողովին ելոյթ ունենալով հաստատած է թէ Սուրիոյ Տագնապի ոչ մի լուծում կարելի է եթէ չյարգուին միջազգային օրէքները >>։Ապա մատնանշած է թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը բարեկարգումի կարիքը ունի։ Մակը - ըսած է գերապայծառ Մամպերթին - իր հիմնարկութենէն 67 տարիներ ետք կը նմանի հսկայի մը կաւէ ոտքերով ու այսօրուայ իրողութեամբ ազդեցութիւն չունի միջազգային իրադարձութիւններոն վրայ։ Իր հիմնարկութենէն ասդին Մակը խաղաղութեան ի սպաս <<տիեզերական>> հանգամանք ունեցող օրէնսդրութիւններ հաստատեց։ Մարդու իրաւունքի պաշտպանութիւն հիւլէական զինադափում, տարածաշրջանային, քաղաքացիական եւ երկողմանի հակամարտութիւններու կարգաւորում... արդ ինչպէս ուրեմն կարելի չէ արդար ու ճշմարիտ համաշխարհային կառավարելիութիւն մը ստեղծել - հարց տուած է Վատիկանի դիւսանագէտը>> ու մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերը կոչ ուղղած է Մակին վերատեսելու համար իր իքնութիւնը, հաստատելով որ Սուրբ Աթոռի այս առաջարկը, բարոյական պահանջի մը պատասխանն է. Հարց տալու ենք - աւելցուցած է գերապայծառ մամպերթին - եթէ երկրագունդը յուզող ճգնաժամերը կապակցութիւն չ̓ունին մարդաբանական խոր տագնապի հետ, այսինքն այն ընդհանուր ըմբռնումի պակասին թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ է մարդը ։Այս կէտէն մեկնելու ենք վերակարգելու համար Մակի զանազան մասնճիւղերը ունենալով հիմնական արժէքներու շուրջ համատեղ ըմբռնում իչպէս մարդկային արժանաւորութեան յարգանքը, ի մասնաւորի կրօնի ազատութիւնը եւ մադկային ամբողջական զարգացումի յառաջացումը որ իրաւական, տնտեսական, հասարակական պայմաններ ստեղծէ որ կարենան արտացոլել մարդու արժանաւորութեան կարեւորութիւնը ըլլայ անհատական եւ ըլլայ հաւաքական գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.