2012-10-02 11:44:31

Քահանայապետական Անուանումներ Արդարաութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդէն Ներս։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 29 սեպտեմբերին 13 նոր անդամներ նշանակեց որպէս անդամ Արդարաութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդին։ Հինգ եպիսկոպոսներ, մէկ փաքիստանցի քահանայ եւ 7 աշխարհականներ, 3 այր մարդ ու 4 կիներ։ Եպիսկոպոսներն են ֆրանսացի գերապայծառ Պուավինօ, երուսաղէմի ֆուատ Թուալ Պատրիարքը, Բէրուի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Բէտրօ Րիգարտօ Պարրէթո Իմէնօ, իտալացի գերապայծառ Միքելէ Բիննիզին եւ գերմանացի գերապայծառ Սդէֆան Ագէրման։

Արդարաութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդը հիմնուած է 1967-ին ու անոր առաջնահերթ գործունէութիւնն է աշխատիլ ի սպաս եկեղեցւոյ հասարակաց վարդապետութեան ծաւալումին մանաւանդ արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներուն յայող հարցերու շուրջ։ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդը կազմուած է աշխարհի զանազան ցամաքամասերէ եկող 40 անդամներէ որոնց պաշտօնը կը տեւէ 5 տարի։Խորհուրդի ներկայ նախագահն է կանացի Կարդինալ Բիթէր Թուրքսոն։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.