2012-10-02 12:53:31

Սուրոյ Հայաշատ Գամըշլը Քաղաքի Մէջ Պայթում։


30 Սեպտեմբերին պաթում մը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Գամըշլը հայաշատ քաղաքին մէջ, որու դիրքը Թուրքիոյ սահմանամերձ է ։ Պայթումը տեղի ունեցած է Ասսատի գլխաւորած Պաաս կուսակցութեան շէնքի մօտերը։
Գամըշլըցի հայեր հեռաձայնային կապով կը հաղորդեն թէ պայթումի հետեւանք չեն կրնար դուրս ելլել իրենց տուներէն, եւ պայթումի մասին տեղեկութիւններ կը ստանան միայն հեռատեսիլի միջոցաւ։ Միւս կողմէ Հալէպահայուհի Զարմիկ Նաճարեան որ վիրաւորուած է 26 Սեպտեմբերին հրթիռակոծութեան հետեւանք եւ որ կը դարմանուէր հիւանդացի մէջ 29 Սեպտեմբերին դժբախտաբար մահացած է ։
Նշենք որ ընդդիմադիրներու եւ բանակի միջեւ շարունակական մարտերու հետեւանք մեծմասամբ ոչնչացուած է նաեւ Հալէպի միջնադարեան շուկան որ կը գտնուէր ՈՒՆԷՔՕ-ի հսկողութեան ներքեւ ։
Գալով Դամասկոսի, հոն բաղդատաբար հանգիստ իրավիճակ կը տիրէ ,բայց տակաւին լուր չկայ հայ երիտասարդ Երուանդ ԹԷԼԵԱՆ- էն որ առեւանգուած էր քանի մը օր առաջ։ Թէլեաններու ընտանիքը ունեւոր է եւ կը բնակին Ապպասի հրապարակի մօտակայքը , հաւանաբար երիտասարդին համար փրկագին պահանջուի ընտանիքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.