2012-10-02 12:46:57

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ


Բայց Ատիկա Ջրհեղեղ Չէ՜…
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն անձ այնպէս կը խորհի, թէ իրեն պատահած վատ դէպքը պէտք չէ՛ր որ պատահեր: Ո՛չ ոք իր անձը արժանի կը տեսնէ փորձանքի, վտանգի, անապահովութեան կամ արկածի: Յատկապէս հաւատացեալ մարդը իր խոր հաւատքով հանդէպ Աստուծոյ, բնա՛ւ չ՛ակնկալեր որ իր բնականոն կեանքը խանգարուի թէ՛ զինք շրջապատող մարդոց կողմէ, եւ թէ՝ պատահական դէպքերու բերումով:
Ասիկա այնքան յստակ գոյներով կ՛երեւի հիւանդութեանց յայտնաբերման առիթով, որ նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հաւատքի փորձաքար կը հանդիսանան նման կացութիւններ:
_ Ինչո՞ւ ինծի պիտի պատահէր…:
Ահաւասիկ այն հարցումը, որ մնայուն կերպով «կը կաթի» մարդու ուղեղին մէջ, երբ վատ բան պատահի իրեն:
_ Ինչո՞ւ ինծի…:
Անակնկալ մահուան պարագաներուն ալ, հանգուցեալի հարազատները նոյն բողոքը կը ներկայացնեն Աստուծոյ, մանաւանդ եթէ ննջեցեալը ուրիշներուն օգտակար հանդիսացող անձ էր, կամ գէթ անվնաս ներկայութիւն ընկերութեան կեանքին մէջ, տրտնջալով կ՛ըսեն.
_ Այսքա՜ն չարեր կան աշխարհի վրայ, ինչո՞ւ այս բարի մարդը ընտրեցիր…:
Մարդիկ ընդհանրապէս սովորութիւն ունին իրենց ցաւը ամբողջ աշխարհին վրայ տարածուած տեսնելու: Այսինքն կը սպասեն, որ ամէն մարդ ցաւի իրենց ցաւով:
Զգացականութեան պարագային կարելի է որոշ երեւոյթներ ընդհանրացնել: Օրինակ, ցաւալի դէպք եթէ ներկայացուի ժապաւէնի մէջ, նոյնիսկ գիտնալով որ դերասաններ են զայն խաղացողները, հանդիսատեսներէն ոմանք կրնան լալ: Այդ դէպքը այս պարագային ազդեցութիւն ունեցաւ իրարմէ տարբեր, եւ ազգականական կապ չունեցող մէկէ աւելի անձերու վրայ, որոնցմէ ո՛չ մէկուն հետ ազգականական կապ ունէր դէպքին զոհը, որ այս պարագային վարձուած դերասան ալ է:
Ջրհեղեղէն վախնալու եթէ պատճառներ ունիս, ուրիշները քու վախովդ վարակելու իրաւունքը չունիս: Դուն նախազգուշութիւններդ ա՛ռ, մինչեւ անգամ յաջորդ ջրհեղեղէն պաշտպանելու դուն քեզ եւ տունդ, սակայն քեզի պատահած դժբախտութեան պատճառով երկրագունդը սուգի մատնելդ նոյնիսկ ծիծաղելի կրնայ թուիլ ուրիշներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.