Պէյրութ Երէկ` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Համազգայինի
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Ժանեթ Եափուճեանի ցուցահանդէսի
բացումը` հովանաւորութեամբ նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Բացման հանդիսութեան
ներկայ էին արուեստագէտներ, ուսանողներ եւ արուեստասէրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց
ցուցասրահի վարչութեան անդամ, արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ անդրադարձաւ Ժանեթ Յակոբեան-
Եափուճեանի արուեստի ներաշխարհին եւ անոր գործունէութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց
նաեւ մեթր Չուխատարեանին` այս ձեռնարկի հովանաւորութեան ստանձնման համար: Ապա խօսք
առաւ արուեստագէտը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս
ցուցահանդէսի կազմակերպման` նշելով, որ ինք իր գեղանկարներուն ճամբով փորձած է խօսիլ
արուեստասէրին հետ: Յայտնենք, որ ցուցադրութեան դրուած են տարբեր չափի 25 իւղաներկեր:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 13 հոկտեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ
երեկոյեան ժամը 7:30: