2012-10-02 12:52:55

Անգարայի Մէջ Ամին Ժեմայէլ Կը Հաստատէ ՝՝Քրիստոնեաներուն Նախանձախնդրութիւնը՝՝ Միջին Արեւելքի Մէջ Փոփոխութեան Նկատմամբ։


Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Անգարայի մէջ գումարուող Վարչապետ էրտողանի ՝՝Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում՝՝ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, հաստատեց, որ թէեւ «Արաբական Գարուն»-ը մտահոգիչ է եւ երկարատեւ, սակայն անիկա խոստմնալից հանգրուան մըն է:
Ժեմայէլ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ յանձնառութիւնը` արաբական արդար դատերուն զօրակցութեան եւ շեշտեց, որ «Արաբական Գարուն»-ը պէտք է հետեւի լիբանանեան ազգային գոյակցութեան եւ համերաշխութեան օրինակին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ փորձառութեան` կրօնը եւ աշխարհիկ կարգերը միախառնելու օրինակին:

Ամին Ժեմայէլ ընդգծեց Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն նախանձախնդրութիւնը Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի փոփոխութեան նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.