2012-10-02 11:25:36

«Իբրեւ Քրիստոնեաներ Յանձնառու Ենք Արեւմուտքին Ծանօթացնել Իսլամական Կրօնին Ճշմարտութիւնը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Հունգարիա, երէկ Հունգարիոյ լիբանանեան դեսպանատան մէջ յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը մարդկային արժանիքներով հարուստ ժողովուրդ է եւ իբրեւ այդպիսին կարեւոր դերակատարութիւն ունի կատարելիք աշխարհին մէջ:
Ան հաստատեց, որ ազգային համերաշխութեան մթնոլորտին մէջ ապրած լիբանանցին պատասխանատու պէտք է ըլլայ Արեւմուտքին ծանօթացնելու իսլամական կրօնին եւ քրիստոնէութեան ճշմարտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.