2012-10-01 13:20:12

Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Կը Վերահաստատէ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Իր Մերժումը:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հունգարիա:
Նախքան իր մեկնումը, Ռայի Պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յանգելու համար բոլորին շահերուն համապատասխանող ընտրական օրինագիծի մը:
Ան վերահաստատեց իր մերժումը 1960-ի ընտրական օրէնքին, որ «այսօրուան մեր իրավիճակին հիմն է: Այսօրուան մեր իրավիճակէն դուրս գալու համար մենք պէտք ունինք վաւերացնելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան առիթ կու տայ բոլորին», ըսաւ ան:
Ռայի Պատրիարքը շեշտեց, որ ինք ընտրական օրէնքի որեւէ տարբերակի պատկերացում չունի, այլ` քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը կը համախմբէ համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ: «Օրէնք մը, որ բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ», ընդգծեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.