2012-09-30 10:55:42

Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 47րդ Օրուայ Պատգամը։


Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 47րդ օրուայ ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամի նիւթն է <<Հասարակական ցանցեր. ճշմարտութեան ու հաւատքի դռներ, աւետարանութեան նոր վայրեր>>։
Պատգամը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ 24 յունուար 2013-ին լրագրողներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ ֆրանչէսկոս Սալէսի (1567-1622) տօնին օրը։
Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի` 29 սեպտեմբերին, հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ վերոյիշեալ նիւթը կապակցութիւն ունի Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ հռչակուած հաւատոյ տարուան հետ որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 11 հոկտեմբեր 2012-ին։
Ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի գնահատումով հարկ է հարցադրել <<արուեստագիտական աշխարհի միտումներու մասին օգնելու համար այրերն ու կիները հանդիպելու Քրիստոսի հաւատքի մէջ։>>
Ընկերային Հաղորդամջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ համաշխարհային օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Կողմէ, 1963-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.