2012-09-30 12:12:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը ու Կոչ Ի Նպաստ Գոնկոյի Հանրապետութեան Բնակչութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 30 սեպտեմբերի կէսօրին Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի պալատի մէջ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորնեու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնցուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ ուր կը խօսուի անձի մը մասին որ Յիսուսի անունով դեւեր կը հանէր ու աշակերտները այս տեսնելով կ՛ուզէին արգիլել զինք։ Յիսուս անոնց կ՛ըսէ <<Մի արգիլէք որովհետեւ չկայ մէկը որ իմ անունովս հրաշք գործէ եւ յետոյ ինծի հակառակ խօսի։ Ով որ մեզի հակառակ չէ, մեզի հետ է>>։ Սրբազան Հայրը մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը կը հաստատէ թէ եկեղեցւոյ անդամները պէտք չեն նախանցոտ ըլլալ, այլ ուրախանալ երբ մէկը, որ հասարակութեան մաս չի կազմեր, բարին կը գործէ Քրիստոսի անունով, բաւ է որ զայն կատարէ յարգանքով եւ ուղամտութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարցաւ Յակոբոս առաքեալի թուղթի ընթերցումին ուր կը խօսուի հարուստ անիրաւներու մասին որոնք իրենց վստահութիւնը դրած են իրենց հարստութեան վրայ։ Յակոբոս առաքեալը զանոնք կը զգուշացնէ ապրելու ապականած հարստութիւն մը։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ամենասուրբ Մարիամու բարեխօսութիւնը յայցեց որպէսզի ամէն օր գիտնանք ուրախութեամբ եւ բարիութեամբ, առանձ նախանցի եւ իմաստութեամբ օգտագործենք երկրային բարիքները փնտռելով երկնայինները։

Արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը Սրբազան հայրը զանազան լեցուներով ողջունեց ներկաները ու ապա կոչ մը ուղղեց արեւելեան Գոնկոյի հանրապետութեան բնակչութեան ապրած տագնապային վիճակի ի սպաս, յայտնելով իր մօտիկութիւնը գաղթականներուն, կիներուն ու մանուկներուն որ զինուած ընդհառումներու հետեւանքով ենթարկուած են տառապանքի, բռնութիւններու եւ վիշտերու։ Աստուծմէ կը յայցեմ որ երկխօսութիւն հաստատուի ու խաղաղ լուծումներ գտնուին եւ ապահովուի բազմաթիւ անմեղներու պաշտպանութիւնը ու շուտով վերահաստատուի խաղաղութիւնը, հիմնուած արդարութեան վրայ այնպէս ինչպէս վերահաստատուի եղբայրական համակեցութիւնը համայն շրջանի մէջ։
Աղօթքի աւարտին Սրբազան բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.