Վարագայ Սուրբ Խաչ Ամէն տարի Սուրբ Գէորգին յաջորդող Կիրակին, որ միշտ Սեպտեմբեր 28-ի
ամենէն մօտ Կիրակին է, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ խաչին նուիրուած Վարագայ Ս. խաչի
տօնը: Այս տօնը կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած
վանքին մէջ: Ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէն այդ տեղ պահեր է իր վիզի խաչը: Հոն, շուրջ
653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Յովէլ եւ Թոդիկ, տեսիլք մը կ'ունենան ուր հրաշալի լուսաւորութիւն
մը զիրենք կ’առաջնորդէ դէպի Վանի Վարագ լեռներ ուր լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ
ու ի յայտ կու գայ՝ խաչ մը: Վարագավանք Կը գտնուի Վան քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը,
Վարագ լերան արեւմտեան լանջին: 653-ին երբ յայտնի կը դառնայ Վարագայ Ս. Խաչի «Նշան»ի
տեղը, Ներսէս Գ. կաթողիկոս Տայեցին, կը կառուցէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ կը հաստատէ Վարագայ
Ս. Խաչի տօնը: 870-ին արաբները կը գրաւեն Վարագավանքը, սակայն շատ չանցած Աշոտ Արծրունի
իշխանը կ’ազատագրէ զայն: 1857-ին Վարագավանքի վանահայր կը նշանակուի Խրիմեան Հայրիկը
«Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի»: 1915-էն ի վեր լքուած է եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ կը
գտնուի: