2012-09-29 11:52:54

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


- Ալպանիոյ Սաբիէ Թեմը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 950րդ Յոբելեանը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Սրբուհի Մարիա Մաճճորէի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Սանթոս Ապրիլ Ի Գասթելլոն անուանած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլախաւորելու յոբելինական արարողութիւնները։

- Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին` Լեհաստանի Լուպլինի ՅՊԲ Կաթողիկէ Համալսարանէն ստացած է պատուոյ տոքթորայի տիտղոս։ Տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 27 սեպտեմբերի յետ միջօրէին Քրիստոնէական Մշակոյթի 4րդ վեհաժողովի ծիրէն ներս որ ուներ որպէս բնաբան <<Մարդը փնտռել մարդուն մէջ - յոյսի մէջ Քրիստոնէական արմատներ>>

- Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Գարլոս Ամիկօ Վէլլիոն անուանած է, որպէս իր յատուկ նուիրակը, գլխաւորելու՝ Բորթօ Րիքոյի առաջին եպիսկոպոսի ժամանումի 5րդ դարադաձը, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 19 նոյեմբերին (2012)։








All the contents on this site are copyrighted ©.