2012-09-29 11:17:10

Հալէպի Մէջ Հայ Մայր Մը Եւ Դուստրը Զոհ Պայթումներու։


Հալէպի Սուլէյմանիյէ եւ Թելեֆոն Հաուաի փողոցներուն միջեւ գտնուող Կիւլպէնկեան Ազգային Վարժարանի մօտակայքը 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած երկու պայթումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն կարգին եղած են հայուհի Մարիա Աղա Զարեանը եւ անոր տասնամեայ դուստրը՝ Ժուլին: Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը:
«Հալէպի նորութիւններու լրատուական ցանց» Դիմատետրի էջէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, զոհուած է նաեւ Մարիա Աղազարեանի ամուսինը՝ Ռայմուն Ֆահման, որ սուրիացի քրիստոնեայ մըն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.