2012-09-28 11:11:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Սան Կալի Մէջ Կայացած Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Ժողովի Մասնակիցներուն։


27 - 30 սեպտեմբեր Զուիցերիոյ Սան Կալ քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդի նիստը որուն կը մասնակկցին Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու ներկայացուցիչները. Լիզբոնէն՝ Մոսկուա եւ Սթոքհոլմէն՝ Մալդա, ինչպէս նաեւ պատուիրակութիւններ Արեւելեան Եւրոպայէն, Լատին Ամերիկայէն ու Ափրիկէէն։
Նշենք որ վերոյիշեալ ժողովը պատմական դէպք մը նկատուած է որով 1449-ի Պազիլեայի ժողովէն ասդին այս առաջին անգամն է որ հոգեւորականներու նման հաւաք մը տեղի կ՛ունենայ Զուիցերիոյ մէջ։ Նշենք նաեւ որ Սան Կալի թեմը այս տարի կը տօնախմբէ իրլանտացի վանական սուբ Կալի Զուիցերիա ժամանելու 1400-րդ ամեակը։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կարդինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, որուն մէջ յայտնած է թէ Սուրբ Կալի հրաւէրն է եւրոպայի աւետարանացման գծով մտածել։
<<Սուրբ Կալի ու անոր գործունէութեան յիշատակը. Նոր աւետարանացումի սիւնհոդոսի նախօրեակին, օգտակար պիտի ըլլայ հաւատքով ու յոյսով նայելու եւրոպայի ժողովուրդներու զանգուածին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ու քահանայապետներու ուսուցումներու եւ գոծադրումներու լոյսին տակ>> գրած է Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրած է եւրոպայի եկեղեցին հետեւելու Սուրբ Կալի ուսուցմունքինխ<<Քրիստոնեայի պատգամը սերմանուած ու արմատացած է հոն ուր ան իսկական կերպով ապրուած է հասարակութեան մը կողմէ>>։
Սուրբ Կալը Սուրբ Գոլոմպէնի աշակերտը եղած էր որուն հետեւած է եւրոպայի աւետարանացումի առաքելութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.