2012-09-28 11:59:30

Մեսրոպեան Վարժարանի Նոր Տարեշրջանը Սկիզբ Առած Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ։ Կիլպըրթ Սայմընի եւ Հրաչ Կայծակեանի Մասնակցութիւնը Բացման Արարողութեան։ Եւ Հարպոյեան Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Վերամուտը (Լիբանան) ։


Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու եւ մեծաթիւ ծնողներու: Դպրոցը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով եւ վերամուտի մթնոլորտը խորհրդանշող մեծ պաստառով:
Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի «Պահպանիչ»ով, որմէ ետք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարիա Կարապետեան, որ նշեց, թէ Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի կորուստին դիմաց աշակերտութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ հոգեւոր հովիւի խորհուրդներուն եւ ուղեգիծին: Ան ըսաւ, որ աշակերտները վարքով, վարուելակերպով, աշխատասիրութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ ազգային ոգիով պէտք է կատարեն իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Բարի վերամուտ մաղթելէ ետք, Կարապետեան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները պէտք է հպարտանան, որ իրենք Մեսրոպեանական են:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ դպրոցը իր բոլոր կարելի միջոցներով պիտի փորձէ ստեղծել առողջ եւ ուրախ մթնոլորտ, որուն մէջ կրթական ծրագիրին կողքին աշակերտները պիտի ունենան աշխուժ եւ բազմատեսակ արտադասարանային աշխատանքներ: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը գոյութենական խնդիր չունի, այլ մնայուն կերպով զարգացման եւ բարեկարգման ենթարկուելու մարտահրաւէրու դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ այս առնչութեամբ իւրաքանչիւր տարեշրջանին արձանագրուած նորութիւնները բաւարար ցուցանիշներ են:
Պրն. Գալուստ ըսաւ, որ աշակերտութիւն-դպրոց-ծնողք սերտ գործակցութեամբ պիտի իրականացուին վարժարանին նպատակները: Իր խօսքի աւարտին, Պրն. տնօրէնը մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը բոլորին համար կ՚ըլլայ յաջողութիւններով եւ նոր նուաճումներով լի տարեշրջան մը:
Զոյգ խօսքերէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան եւ արաբական միջավայրին մէջ հանրածանօթ երգիչ Կիլպըրթ Սայմըն, որ անգլերէն երգերով եւ կիթառի ընկերակցութեամբ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Օրուան երկրորդ հիւրն էր լիբանանահայ սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեան, որ հայկական ճոխ երգերով արժանացաւ աշակերտներու ծափահարութիւններուն: Աւարտին, անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտները եւ երկրորդականի աշակերտները շուրջպարերու կատարումով փակեցին վերամուտի բացման հանդիսութիւնը:


Հարպոյեան Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Վերամուտը։
Իսկ 26 Սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8-ին հնչեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը վերամուտը սկսաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցմամբ, որուն ընթացքին պատարագիչը՝ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան բարեբեր եւ յաջողութեամբ ծաղկող ճանապարհ մը մաղթեց աշակերտներուն, իսկ ուսուցիչներուն՝ համբերութիւն եւ կորով, իրենց ազգակերտ առաքելութեան մէջ:
Պատարագի աւարտին, աշակերտները ունկնդրեցին տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանին խօսքը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու մանաւանդ նորեկ աշակերտներուն, ընդ որում ապահովական ծանր պայմաններու պատճառով իրենց հայրենիքը լքած մեր սուրիաբնակ հայրենակիցներուն, որոնք այս տարի լիբանանեան վարժարաններու մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը: Արդիւնաբեր տարուան մը բարեմաղթութիւններով Տիկ. Պոյաճեան աւարտեց իր խօսքը եւ բարձրախօսը յանձնեց «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի հաղորդավարուհի Տիկ. Սեւան Կարապետեան-Ադամեանին, որ վեր առնելով հայ կրթօճախին անփոխարինելի դերը ու հայ ուսուցիչին վեհ առաքելութիւնը, ճոխ երգերու մեկնաբանութեամբ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք խմբային պարերով ու շուրջպար բռնելով մասնակցեցան տօնական այս մթնոլորտին:
Վերամուտի առաջին օրը աւարտեցաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու, միջեւ յարաբերութիւն ստեղծելով եւ ջերմ ու ընկերային տրամադրութեամբ դասագիրքերուն ծանօթանալով:








All the contents on this site are copyrighted ©.