2012-09-28 11:20:52

Կրօնական Ազատութիւնը Աշխարհի մէջ Մշտատեւ Կը Նուազի։


Բնակչութեան շուրջ 75 տոկոսը կարող չէ ազատօրէն հրապարակաւ ապրելու իր հաւատքը։

Կրօնքի հրապարակային ապրումի ազատութիւնը նահանջ կ'արձանագրէ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ քաղաքական սեղմումներու հետեւանքով, դիտել տուած է ամերիկեան ֆորում կազմակերոպութիւնը։ Սո+ն կազմակերպութեան հրատարակած տեղեկագիրը կը մատնանշէ մասնաւորապէս Եգիպտոսի, Ինտոնեզիոյ, Ռուսիոյ, Պիրմանիայի, Իրանի, Վիէթնամի, Փաքիստանի, Պանկլատէշի, Սաուտի արաբիոյ եւ Նիճերիոյ, պետութիւններու պարտադրած սահմանափակումներուն հրապարակային պաշտամունքի առումով։ Տեղեկագիրին մէջ ի յայտ կու գայ թէ 2010-ին Քրիստոնեաները, աւելի քան 111 երկիրներու մէջ, պետութիւններէն եւ ընկերութեան մի քանի խաւերէն հակառակութիւններ դիմագրաւեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.