2012-09-28 11:48:22

Իրավիճակը՝Հալէպի եւ Դամասկոսի Մէջ։ Հալէպի Կիւլպենկեան Վարժարանին Մօտ Երկու Պայթումներ Տեղի Ունեցած ։


Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի թաղամասին մէջ գտնուող Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանին մօտ երկու պայթումներ տեղի ունեցած են : Արձանագրուած են չորս զոհեր , ներառեալ` Տէր Զօրի բնակիչ Վարդան Մութաֆեան, իսկ վիրաւորներուն թիւը աւելի քան տասն է:
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Եռագոյն» կայքէջին յայտնած է, որ «տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով զոհերը եւ վիրաւորները քրիստոնեաներ են, սակայն պէտք չէ մտածել, որ գործողութիւնը ուղղուած էր քրիստոնեաներուն դէմ, վիրաւորներուն շարքին է նաեւ հայուհի մը` Զարմիկ Նաճարեան, որ այժմ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:
«Հալէպի մէջ այսօր (երէկ) պայթումներուն ձայները կը լսուին հեռուէն: Իրավիճակը աւելի խաղաղ է, սակայն անիկա անկանխատեսելի է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «ազգային դպրոցները գրեթէ կը գտնուին նախորդող օրերու ընդհարումներու շրջանին մէջ, այնպէս որ ապահովական պատճառներով Ազգային իշխանութիւնը դպրոցներուն վերաբացումը յետաձգած էր. միայն պրէօվէի (9-րդ) եւ պաքալորիայի (12-րդ) դասարաններու աշակերտներուն դասաւանդութիւնը սկսած էր այլ ապահով վայրերու մէջ: Յառաջիկայ օրերուն նկատուող բարելաւման հետ` կ՛ակնկալուի դպրոցական կեանքը եւս վերսկսիլ»:
Իսկ Կայքէջի այն հարցումին, թէ առայժմ սուրիահայերուն համար յայտարարուած օգնութիւններէն տեղ հասա՞ծ են, Ազգային առաջնորդարանի բանբերը պատասխանած է. «Փոքր մաս մը հասած է, եւ ճամբայ ելած է եւս մէկ օգնութիւն»:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ։
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ իրավիճակը աւելի խաղաղ էր մայրաքաղաքին մէջ, իսկ երթեւեկը` բնական, համեմատած նախանցեալ օրուան բախումներուն հետ, որոնք սաստկացան սուրիական սպայակոյտի կեդրոնին շէնքին մօտ զինեալներու եւ սուրիական ապահովական ուժերու միջեւ` շէնքին պայթումէն ետք, եւ այդ պատճառով քաղաքը ենթարկուեցաւ ապահովական խիստ միջոցառումներու` մինչեւ ուշ գիշեր:
Իսկ երէկ կէսօրէ ետք կարգ մը շրջաններու մէջ լսուեցան կրակոցներ: Երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցան Ժոպար շրջանին մէջ, ուր բանակի եւ ապահովական ուժերը տեղակայուեցան Ապպասիին հրապարակին վրայ` կանխելու համար որեւէ յարձակում:








All the contents on this site are copyrighted ©.