«Մեր Արեւմուտքցի Գործընկերները Սուրիոյ Մէջ Ալ Քաոս Կը Ստեղծեն» Կ՛ըսէ Փութին ։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ արեւմուտքցիները Սուրիոյ մէջ ալ «քաոս»
կը ստեղծեն եւ հակառակ Ռուսիոյ զգուշացումներուն «չեն կրնար դադրիլ»: Փութին յայտարարեց,
որ «շարք մը շրջաններու մէջ քաոս արդէն ստեղծեցին, իսկ ներկայիս այլ երկիրներու նկատմամբ,
մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ, նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն»: Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց,
որ «իսկապէս ըսինք, որ զգուշութեամբ պէտք է շարժիլ եւ որեւէ բան բռնի ուժով պէտք չէ պարտադրել,
այլապէս քաոսի տարածման պատասխանատու պիտի նկատուիք, իսկ այսօր ի՞նչ կը տեսնենք: Կացութիւնը
քաոսի շատ կը նմանի»: Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց,
որ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին քաղաքական ապաստան պիտի չտրամադրէ: Ռուսական
«Ռոսիսքայա կազեթա» թերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի
Քլինթըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը լքած է, նախքան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար
Սերկէյ Լաւրովի ելոյթը: Վերջինս ներկայացուցած է Սուրիոյ տագնապի հարցին նկատմամբ Ռուսիոյ
տեսակէտը, սակայն մինչ այդ Քլինթըն ցուցադրաբար դահլիճէն դուրս եկած է եւ չէ լսած ելոյթը: Օրաթերթը
կը նշէ, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու, Քլինթըն դուրս եկած է հերթական երկկողմ հանդիպում
ունենալու համար, սակայն որովհետեւ Ապահովութեան խորհուրդի մասնակիցները նախապէս տեղեակ
եղած են ելոյթներու յաջորդականութեան մասին, Քլինթըն կրնար փոխել իր օրակարգը: Այսինքն,
եթէ ան ուզեր Մոսկուայի տեսակէտը լսել, անոր արարողակարգային ծառայութիւնը պիտի կարենար
տեղափոխել երկկողմ հանդիպումը, սակայն չէ յետաձգած: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար
Ճիւլիօ Թերզի յայտնեց, որ «երկու շաբաթ առաջ արաբական երկիրներուն կողմէ առաջարկուած`
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի երկրէն հեռացման ռազմավարութեան մանրամասնութիւններուն
շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ»: Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան անցեալ հինգշաբթի
տեղի ունեցած ժողովը ցոյց տուաւ, որ անիկա աւելի միակամ եւ աշխուժ կերպով կը գործէ»: ՄԱԿ-ի
գաղթականներու գործակալութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ «մինչեւ ներկայ տարեվերջ շուրջ
700 հազար սուրիացիներ երկիրը փոթորկող դէպքերուն պատճառով կրնան իրենց երկրէն փախուստ
տալ»: