2012-09-27 12:31:11

Սպանիայէն Եւ Փորթուգալէն Ետք Յունաստանի Մէջ ՝՝Ցուցարարներ-Ոստիկանութիւն՝՝ Բախումներ ։


Յունական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր ռումբեր արձակեց` ցրուելու համար անիշխանականներ, որոնք երկրին մէջ տնտեսական սեղմումի քայլերուն դէմ իբրեւ բողոք յայտարարուած միօրեայ գործադուլի ընթացքին Աթէնքի մէջ խորհրդարանին մօտ հրավառ ռումբեր նետած էին:
Բախումները ընթացք առին կառավարական ծախսերը 11.5 միլիառ եւրոյով կրճատելու ծրագիրին դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Կրճատումը 31 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն մը ստանալու համար նախապայման է, սակայն անգործութեան եւ բնակչութեան մէկ երրորդին աղքատութեան չափանիշէն նուազ մակարդակի վրայ յայտնուելէն ետք ծրագիրը բուռն ընդդիմութիւն կը դիմագրաւէ: Առանց նշեալ օժանդակութեան, Յունաստան կրնայ շաբաթներ ետք սնանկանալ:
Պահպանողական վարչապետ Անթոնիս Սամարասի կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ հանգստեան թոշակները նուազեցնելով եւ հանգստեան կոչուելու տարիքը 67-ի բարձրացնելով դրամ խնայել:
Իսկ Երեքշաբթի օր Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ նոյնպիսի քայլերու դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութեան հետ բախումի պատճառով 38 անձեր ձերբակալուած էին եւ 64 ուրիշներ վիրաւորուած:
Հուսկ Փորթուգալի մէջ կառավարութիւնը պաշտօնեաներու եկամուտի տուրքերը բարձրացնելու քայլէն հրաժարելու մղած մեծ ցոյցերէն ետք, նախարարաց խորհուրդը արտակարգ նիստ մը կը գումարէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.