2012-09-27 12:31:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 27 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետկան ամարանոցի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Սդանիզլաւ Րիլքոն հուսկ ժամը 12.15-անց Զուիցերացիներու անուան Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց մարմնամարզանքի բժշկութեան միջազգային դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաշխարհային հաւաքի 120 մասնակցիներուն։

Իսկ երէկ (չորեքշաբթի 26/9) երեկոյեան ժամը 17.30-ին Քահանայապետական ամարանոցի ներքնաբակին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը նուիրուած` Սրբազան Հօր Վուզպուրկի թեմի կողմէ որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ <<Սուրբ Օգոստինոսի>> Օրաթորիոյի կատարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.