2012-09-27 13:14:49

Հակառակորդի Գնդակէն Հայ Զինուոր Մը Մահացած .


Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուական եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 25 Սեպտեմբերին՝ ժամը 11։30ին հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն ֆիզիքական վնասներ ստանալով մահացած է սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ ժամկէտային զինուորական ծառայութիւն կատարող, շարքային Վաղինակ Արշաւիրի Բաղդասարեանը (ծնած է 1993):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քրէական ծառայութեան երրորդ կայազօրային քննական բաժինին մէջ Հայաստանի քրէական օրէնքի 104 յօդուածի 2րդ մասի 13րդ կէտով (սպանութիւն՝ ազգային, ցեղապաշտական կամ կրօնական ատելութեան եւ կամ կրօնական մոլեռանդութեան դրդապատճառով) յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն: Տեղի ունեցած է դէպքի վայրի եւ դիակի արտաքին զննութիւններ: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

ՆՕԹ։ Այս տխուր առթիւ մեր ցաւակցութիւնները Բաղդասարեանի ծնղքին ու հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.