2012-09-26 12:21:44

Պքերքէի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով


Պքերքէի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ վեհաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատալլա Ասի, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական համայնքի գերագոյն խորհուրդի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունի, քաղդէացիներու առաջնորդ Միշել Գասարճի եպիսկոպոս եւ այլ համայնքներու ու յարանուանութիւններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Պքերքէի մէջ գումարուած այս նիստին առնչութեամբ. ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իսլամութիւնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը ոչ միայն իսլամական կրօնը կը վարկաբեկէ, այլեւ` քրիստոնեաները, որովհետեւ իսլամական կրօնին եւ քրիստոնէութեան ինքնութիւնները իրարու առնչուած են:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին պէտք է յոյսի, ներողամտութեան եւ պատասխանատուութեան նշոյլներ փոխանցել: Ան կոչ ուղղեց միջազգային մակարդակի վրայ օրէնք մը մշակելու` վերջ տալու համար կրօններու դէմ գործուած չարիքին:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ գործուած այս արարքին, որովհետեւ անիկա կը խախտէ ժողովուրդներուն միջեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի փլուզում, եթէ լիբանանեան պետութիւնը անհրաժեշտ միջոցառումներուն չդիմէ:
Վեհաժողովէն ետք միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ վեհաժողովի քննարկումներուն ընթացքին շեշտուած է պապին Լիբանան կատարած այցելութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ պայմանները:
Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին այցելութիւնը փարատած է քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք եւս պէտք է ըլլան քրիստոնեաներուն կողքին եւ պէտք է իրենց իրաւունքները հաւասարեցնեն անոնց իրաւունքներուն:
Քապպանի նշեց նաեւ, որ ինք պահանջած է Ռայի պատրիարքէն Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանները հրաւիրել Պքերքէ եւ անոնց յանձնել վեհաժողովէն բխած ուխտն ու անոնցմէ պահանջել ՄԱԿ-ի մէջ զօրակցութիւն ցուցաբերել այդ ուխտին:
Վեհաժողովին ընթացքին քննարկուեցան իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնը, Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը եւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը:
Վեհաժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը եղած է շինիչ այցելութիւն մը, որ ունեցած է դրական արդիւնքներ, որոնցմէ այն իրականութիւնը, որ իբրեւ «Առաքելական յորդոր»-ի ստորագրութեան վայր, պապը բարձրացուցած է Լիբանանի դիրքն ու դերակատարութիւնը: Քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերը ընդգծեցին, որ պապին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները եւ Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու իրականութիւնը շեշտելը վերահաստատած են Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանցիներուն ուղղուած պապին նամակը կը յուշէ, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու երկիրն է:
Վեհաժողովը դրուատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ճիգերը` Ազգային երկխօսութեան նիստերը շարունակելու եւ Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները դիմակալելու նպատակով:
Վեհաժողովին ներկաները դատապարտեցին Մոհամետ մարգարէն եւ իսլամական կրօնը վարկաբեկող ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ անոր դէմ արձանագրուած վայրագ հակազդեցութիւնները:
Վեհաժողովին ներկաները ՄԱԿ-էն պահանջեցին կազմել օրէնսգէտներու յանձնախումբ մը` մշակելու համար կրօններուն արդար իրաւունքը պահպանող օրէնք մը:
Հոգեւոր պետերը լիբանանցիներէն պահանջեցին խիղճով գործել` ամրապնդելու համար իրենց ներքին միասնականութիւնը եւ հիմնելու համար իրաւունքի պետութիւնը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին լիբանանցի պատասխանատուներուն` բարելաւելու Լիբանանի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.