2012-09-25 09:14:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 4 Հոկտեմբերին Պիտի Այցելէ Լորէթոյի Սրբավայրը ։


Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Հօր Լորէթօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, միօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Լորէթօ ուր առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ այցելելէ ետք Լորէթոյի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրը, սրբավայրին բացօթեայ տարածքին վրայ պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագ։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը Մոնթորսոյի ՅՊԲ.ի անուան կեդրոնի մէջ պիտի մասնակցի եղբայրական ագապի մը, եւ երեկոյեան պիտի վերադառնայ Վատիկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.