2012-09-25 09:39:23

Կարտինալ Գոխի Տպաւորութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Կատարած Առաքելական Ճամբորդութեան Մասին։


Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Գոխ` մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Լիբանան, մեծապէս սատարեց կաթողիկէ-օրթոտոքս եկեղեցիներու միութեան, մատնանշելով որ բաւարար է մտաբերել Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Շարֆէ՝ կաթողիկէ ասորի պատրիարքութեան մէջ, օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտին մէջ։ Ապա կարտինալը դիտել տուաւ. ՜՜Լիբանանի քրիստոնեայ եկեղեցիները մշտատեւ կապի մէջ են միասնաբար դիմագրաւելու զանազան հարցերը՝՝։ Այս ուղղութեամբ կարտինալ Գոխ դիտել տուաւ որ Մարոնիներու պատրիարքը մտադիր է կազմակերպել հանդիպում մը օրթոտոքս բոլոր եկեղեցիներուն հետ միասնաբար վերակարդալու ու խորհրդածելու առաքելական յորդագիրին վրայ։ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչպիսի անհատական փորձառութիւն ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին ընկերանալով, կարտինալը պատասխանեց ՜՜յուզիչ ու մեծ հիւրընկալութիւնը ընդունեցաւ Արեւելքի բոլոր եկեղեցիներէն եւ յատկապէս նախագահ Սուլէյմանի սիրալի ու գորովալիր ընդունելութենէն, քանի որ ան բոլոր արարողութիւններուն մասնակցեցաւ եւ անով ցոյց տուաւ որ իրապէս կը բաղձար Սրբազան Հօր այցելութիւնը Լիբանան՝՝։ Հուսկ կատինալ Գոխ իր զրոյցը եզրափակեց ըսելով որ ՜՜տարակոյս չկայ որ Շարֆէի հանդիպումը օրթոտոքս եկեղեցիներուն հետ առիթ տուաւ Սրբազան Հօր հրաւիրելու բոլոր եկեղեցիները որ իրենց ամէն կարելին ընեն Եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր։ Մեր սէրը Քրիստոսւի հանդէպ պէտք է մեզ առաջնորդէ դէպի եկեղեցիներու կատարեալ միութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.