2012-09-25 11:45:15

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 21-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ ՜՜Սուրիահայերուն՝՝ որոնք պայմաններու բերումով Լիբանան եկած են։
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կիրակի, 23 սեպտեմբերին, սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին, նախագահութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով։ Հանրապետական մաղթանքէն ետք խօսք առնելով վեհափառը ըսաւ. «Երկար դարերու տառապանքէ ու հալածանքէ ետք 28 մայիս 1918-ին հայրենի մեր ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնը: Դժբախտաբար կարճ ժամանակ յետոյ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձաւ համայնավար վարչակարգին: 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանը վերանկախացաւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին ու գիտակից յանձնառութեան»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ունենալ. հիմնականը այդ անկախութիւնը պահելն ու զօրացնելն է: Արդ, Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է: Հզօրացում ըսելով մենք կը հասկնանք ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը հայրենիքին: Անոր կենսամակարդակի բարձրացումը, հայ մշակոյթին ծաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումը, Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց ծաւալումը, հայրենի մեր քաջարի բանակին ամրացումը, եւ այս բոլորը կարելի է իրագործել մեր բոլորին ամբողջական մասնակցութեամբ` հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:
Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ըսաւ. «Կը վերահաստատենք Մեր կոչը աջակցելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Սուրիոյ հայութեան տագնապը համազգային հիմնահարց է, եւ այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ անոր: Առանց խտրութեան անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ հայութեան, եւ ա՛յսօր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Ապա վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ որոշ թիւով Սուրիայէն հայ ընտանիքներ եկած են Լիբանան պայմաններու դժբախտ բերումով: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են. անոնք մեր հիւրերը չեն: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք անոնց, եւ մեր տուներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն, գործատեղիներուն դռները լայնօրէն պէտք է բանանք անոնց առջեւ` անոնց օգտակար դառնալու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ: Վստահ ենք, որ անոնք ժամանակաւորապէս պիտի հաստատուին Լիբանան, եւ անմիջապէս որ կացութիւնը հանդարտի Սուրիոյ մէջ, պիտի վերադառնան իրենց տուներուն ու գործերուն` մասնակից դառնալու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքներուն»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան ու բոլոր կազմակերպութիւններուն առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:










All the contents on this site are copyrighted ©.