2012-09-25 12:14:23

«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Կոչը Անարձագանգ ՉԷ Մնացած։


Սուրիահայ հայրենակիցներու աջակցութեան ուղղուած «Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը հետզհետէ կը տարածուի եւ կը ստանայ ՀԱՅ հասարակութեան ամենալայն շերտերու մասնակցութիւնը : Հայ տասնեակ համաքաղաքացիներ, հայրենի մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ արձագանգած են սուրիահայ եղբայրներու եւ քոյրերու պատերազմի արհաւիրքի դէմ առանձին չթողելու , նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար եղած կոչին:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան առաջինն է որ անդրադարձաւ եւ օգնութեան ձեռք երկարեց Արցախի կառավարութիւնը` զգալի քանակութեամբ պարենամթերք տրամադրելով: Առաջին արձագանգողներու շարքին են «ԿՐԱՆՏ ՀՈԼՏԻՆԿ», «ԱՇՏԱՐԱԿ ԿԱԹ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները, «ԱՐՏՖՈՒՏ», «ԱՐԹԻՄԵՏ» եւ «ԱԼԵՔՍ ԿՐԻԿ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնները:
Անոնց ու այլ շարք մը բարերարներու յատկացումներով բեռնուած առաջին ինքնաթիռը շատ շուտով կը մեկնի Սուրիա` դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարենամթերք հասցնելով մարդասիրական աղէտի մէջ յայտնուած ՀԱՅ հայրենակիցներուն :








All the contents on this site are copyrighted ©.