2012-09-24 12:09:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներէն կը խնդրէ աղօթել միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։


Երկուշաբթի 24 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Իտալիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահ` Կարդինալ Անճէլօ Պանիասքոն, որմէ ետք, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ կարգ մը եպիսկոպոսներու, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ երեկ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ ՜՜Յիսուսի՝՝ վրայ որպէս ՜՜Մեսիա՝՝ ու խօսեցաւ ՜՜խոնարհութեան՝՝ առաքինութեան մասին։
Այսօրուան աւետարանին մէջ յիշուած է Յիսուսի խօսքերը ուր ինք յայտնապէս կ՝ըսէ իր աշակերտներուն.. ՜՜Պէտք է որ մարդու Որդին շատ չարչարուի, մերժուի ծերերէն, քահանայապետներէն ու դպիրներէն, մեռնի եւ երրորդ օրը Յարութիւն առնէ։ Աշակերտները սակայն չէին հասկնար այս խօսքերը եւ կը վախնային անոր հարցնելէ...
Արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աւետարանի այս երկրորդ մասը կարդալով կը նշմարուի թէ դժուար էր աշակերտներուն, ՜՜հասկնալ Յիսուսը՝՝ տարբեր մտածողութիւն ունէին անոնք, Պետրոս սակայն անմիջապէս կը հասկնայ եւ մէկուսի տանելով Յիսուսը կը յանդիմանէ զինք...
Մարկոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք նաեւ որ Յիսուսի աշակերտներէն Յակոբ եւ Յովհաննէս կը խնդրեն որ իրենք նստին Յիսուսի փառքին մէջ, մին աջ իսկ միւսը ձախ կողմը... Պէտք է հասկնանք որ (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) Աստուծոյ տրամաբանութիւնը տարբեր է մեր տրամաբանութենէն։ Ինչպէս կ՝ըսէ Տէրը Եսայի մարգարէի բերնով. ՜՜ Իմ մտածումներս ձեր մտածումները չեն եւ ձեր ճանապարհները իմ ճանապարհներս չեն՝՝։Ուստի հետեւելու համար Տիրոջ հարկ է խորապէս դարձի գալ, սիրտը բանալ լսելու Տիրոջ կամքը, լուսաւորուիլ ու ներքնապէս բարեփոխուիլ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները,ու բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։
Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը, խօսեցաւ քահանայ Լուի Պրիսսոնի մասին որ երանելի հռչակուեցաւ ֆրանսայի Թրուա քաղաքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ իր պարգեւած շնորհքներուն համար, շնորհաւորեց Թրուայի հաւատացեալները մաղթելով որ նոր երանելին լուսաւորէ բոլոր հաւատացեալներուն հոգին ու կեանքը...... ֆրանսերէն լեզուով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն ու միջկրօնական երկխօսութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.