2012-09-24 13:53:10

Հռոմահայութիւնը Նշեց Հ Հ Անկախութեան Տօնը, Եւ Յարգեց Յիշատակը Հայ Սպայ Գուրգէն Մարգարեանին։


Կիրակի 23 Սեպտեմբերին, Հռոմահայութիւնը տօնեց Հ Հ Անկախութիւնը որ սկիզբ առաւ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագով՝ Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ։
Ներկայ էին, մեծ թիւով հայեր ու իտալացի բարեկամներ, միութիւններու ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մեծաւորուհին ու միաբանակից քոյրերը, ու Տիկ Անահիտ Սիրունեան որ կը ներկայացնէր Հ Հ դեսպանութիւնը ։
Ս. Զոհը մատոյց եւ քարոզեց Լեւոնեան վարժարանի տեսուչ գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր խօսքին մէջ նաեւ շնորհաւորելով հայ ժողովուրդն ու պետականութիւնը Հանրապետութեան տօնին առթիւ ու մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հայրենիքին, ըսաւ . ՜՜ Հայաստանի իսկական անկախութիւնը կը տօնենք երբ մեր խորհրդանիշը եղող վայրէն՜՜Արարատի գագաթէն՝՝ տեսնենք ու վայելենք մեր հայրենիքին գեղեցկութիւնը։
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու ու Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորաց երգչախումբը։
Յաւարտ Ս Պատարագին տեղի ունեցաւ տօնակատարութեան Բ. մասը.
Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահ՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան ողջոյնեց ներկաները ապա հրաւիրեց Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներէն եղբ. Խաչիկ Սայեղը սրտի խօսքը արտասանելու. ապա խօսք առաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդէն Տիար Էմմանուէլ Ալիպրանտի որ նախ հրաւիրեց ներկաները յոտընկայս մէկ վայրկեան յարգելու յիշատակը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին, շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ, ու յայտնեց թէ այսօրուան հանդիպումով նաեւ սկիզբ կ՝առնէ Հռոմի Հայ Համայնքի 2012-2013 տարեշրջանի գործունութիւնները, խօսելով նոր ձեռնարկներուն ու ծրագիրներուն մասին։
Հուսկ՝ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեան իր խօսքին մէջ ըսաւ յատկապէս. ՜՜Հայ ազգը երկար սպասումէ եւ զոհողութիւններէ ետք յաջողեցաւ իր Անկախութիւնը ստանալ , սակայն ցաւօք սրտի կը նշմարենք հայորդիներու արտագաղթը, մեծ յոյսերով, դէպի Եւրոպա, ԱՄՆ եւ այլուր, սակայն դժբախտաբար շատ անգամ անոնք կը հանդիպին այլազան դժուարութիւններու, ապրելով օտարութիւն եւ անապահով վիճակ։
Ան մաղթեց որ նոր սերունդը մնայ Հայրենիքին մէջ, եւ սատարէ հայրենիքի բարգաւաճման փոխանակ օտարութեան դառն բաժակը ըմպելու։ Հայր Գէորգ նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքահայերուն որ շարունակեն սատարել Հայրենիքի բարգաւաճման։
Հուսկ՝ Տիար Աթթարեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները Լեւոնեան վարժարանի բակը ու պատրաստուած էր հայկական համադամներ եւ ճաշեր։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը աւելի ճոխացուցին ազգային ու ժողովրդական երգերը, բաժակ բարձրացնելով ՜՜կենաց հայերու ու հայ հերոսներու յիշատակին՝՝....
Նշենք թէ՝ Միլանոյի հայերը եւս նշեցին Հ Հ Անկախութեան Տօնը, Ս Պատարագով Միլանոյի Սրբոց Քառասնից Մանկանց նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.