2012-09-22 12:32:45

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 20-ամեակին Առթիւ.


Մոնրէալի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին շնորհաւորագիրը
Սրտի անհուն բերկրանքով կ'ողջունենք Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 20-ամեակը:
Բոլորիս համար ուրախութեան մեծ առիթ է նշել՝ նման ազգասիրական կազմակերպութեան մը երկարակեցութիւնը որ ապացոյց է իր կայտառ առողջութեան եւ, տարիներուն երկայնքին, իր առջեւ ցցուած դժուարութիւններուն յաղթահարման:
Այսօր, հիացումով կը նկատենք որ, 20 տարիներ ետք, ՀՀՀ-ի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հիմնադիրները չեն սխալած զօրակցութեան այս կամուրջը կառուցանելով՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնները ամրացնելու ի խնդիր Հայաստանի վերակերտումին: Վերոյիշեալ երկարակեցութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ որ ՀՀՀ-ի իրերայաջորդ վարչութիւնները կրցած են տքնաջան աշխատանքով եւ աշխարհացրիւ հայ գաղութներու աջակցութեամբ, ազգօգուտ բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործել եւ Հայաստանի կենսական պահանջքներուն ընդառաջել, արժանանալով հանուր հայութեան անվերապահ վստահութեան եւ հրապարակային դրուատիքին: 20-ամեակի տօնակատարութեան մեր մասնակցութիւնը բերելով՝ հանդիսաւորապէս կը վկայենք հայ ժողովուրդին գոյատեւելու ատակութեան եւ Մայր հայրենիքին բարգաւաճման նպաստելու վճռականութեան:
Հուսկ ուրեմն, հրճուելով ի տես ՀՀՀ-ի ապացուցած կենսունակութեան՝ բարձրօրէն կը գնահատենք անոր արձանագրած ազգօգուտ իրագործումները, անոր անդամներուն արդիւնաւոր ինքնանուիրումը, անոր գոյատեւման սատարողներուն վեհանձնութիւնը եւ բարերարներուն առատաձեռնութիւնը: Թող Աստուծոյ Օրհնութիւնը բոլորին ջանքերը տեւապէս յաջողութեամբ պսակէ (այսպէս կ՝եզրափակէ Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան իր գնահատագիրը)։









All the contents on this site are copyrighted ©.