2012-09-21 12:30:03

Տիրամօր Միաբանութեան Հիմնադիր Հայր Լուի Պրիսոն Երանելի Կը Հռչակուի 22 Սեպտեմբերին։


Հայր Լուի Պրիսոն (1817-1908)` ֆրանսայի Թրույէյի թեմի վարդապետ շաբաթ 22 սեպտեմբերին երանելի կը հռչակուի։ Երանացման արարողութիւնը կը գլխաւորէ սուրբերու դատին կառավարիչ` կարդինալ Անճէլօ Ամաթօն։
Հայր Լուի Պրիսոն հիմնադիրն է Տիրամօր միաբանութեան, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը կեդրոնացած է դպրոցական աշակերտներու վրայ։ Ան բազմաթիւ դպրոցներ ու կրթական օճախներ հիմնած է։ Երանացման տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՛առնեն 21 սեպտեմբերի ու կը տեւեն մինչեւ 23 սեպտեմբեր։ Ուրբաթ 21 սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ աղօթքի Հսկում։

Ս. ֆրանչիսկոսի Տիրամօր սպասաւորներն ու աղախիները
Այս միաբանութիւնը հիմնուած է 1875-ին Աստուծոյ ծառայ Հայր Լուի Պրիսոնի նախաձեռնութեամբ եւ օրհնուած Լեւոն 13-րդ Քահանայապետէն 1876-ին։ Ներկայիս միաբանութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 500 անդամներ` կրօնաւորներ, քահանաներ ու եղբայրներ, եկած բազմաթիւ երկիրներէ եւ ստորաբաժանուած մարզերու ու գաւարներու։ Միաբանութիւնը ունի աւելի քան 400 կրօնաւորուհիներ, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.