2012-09-21 13:27:58

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները՝ Աստուծոյ Խօսքին
Այսօր քրիստոնեայ աշխարհը կը գտունի լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք կը փորձեն խեղադիւրել Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը: Հետեւաբար, պիտի փորձենք այս նիւթը շոշափել, շեշտը դնելով՝ Աստուծոյ խօսքին տարածման արգելք հանդիսացող վտանգներուն վրայ:
Ի՞նչ է Աստուծոյ խօսքը: Ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը այսօրուայ աշխարհին մէջ: Ահաւասիկ հարցադրումներ են, որոնց մասին խորհրդածելը անհրաժեշտութիւն մը կը թուի մեզի այսօր:
Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ է: Դերեւս ոմանց համար անիմաստ թուի սա հարցումը, սակայն քիչ անգամ լուրջ կերպով կը մտածենք անոր մասին: Աստուծոյ խօսքը գիրք մը չէ, գրութիւն մը չէ, սիրելիներ: Աստուծոյ խօսքը Յիսուս Քրիստոսն է: Յիսուս Քրիստոս պատկեր մը չէ, նահատակ հերոսի կամ գիտնականի մը յուշակոթողը չէ, այլ կենդանի եւ ապրող անձնաւորութիւն մըն է: Աստուծոյ խօսքին մէջ կայ զօրութիւն, կայ ուժ: Սակայն այսօրուայ աշխարհին մէջ կան տարբեր ուժեր, որոնք կը փորձեն խեղադիւրել Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը եւ իրենք զիրենք ներկայացնել որպէս աշխարհի գերագոյն եւ մեծագոյն ուժը: Կը խօսիմ Արեւմտեան Մշակոյթի մասին, որ «յոյժ աւերիչ ազդեցութիւն ունի նոր սերունդին վրայ, գլխաւորաբար այն պատճառով որ ամբողջ շեշտը կը դնէ լոկ հեշտանքի, զգայարանքներու ցանկութեանց յագեցման վրայ, որ կը սպառնայ հոգեկան ու իմացական գեղեցկութիւնները դատարկացնելու անհատին կեանքը»:
Պենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի կղերին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կը յորդորէ զանոնք ըսելով. «Ճշմարտութիւնը աւետեցէք նոյնիսկ եթէ անիկա անհանգստութիւն պատճառէ», եւ կը շարունակէ ըսելով. «Եկեղեցին սպառնալիքի տակ է եւ միշտ պիտի ըլլայ, բայց պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնը.... որ Աստուած աւելի զօրաւոր է քան որեւէ ուրիշ Աստուծոյ հակառակ ուժ մը»: հետեւաբար, «Հսկեցէք ձեր վրայ, կը թելադրէ Քահանայապետը, ուշադիր եղէք ձեր հոգեւոր կեանքին...: Աղօթելը ու Աստուծոյ խօսքին վրայ խորհրդածելը ժամանց մը չէ, այլ մեր Տիրոջ հետ կապ մըն է, որպէսզի կարենանք այդ կապը հաստատել նաեւ Յիսուսի եւ մեզի տրուած հօտին հետ»:
Այսօր, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անհաճելի երեւոյթ մը կայ, որ մեր սրտերը կը ճմլէ: Եկեղեցի եկող բազմաթիւ ծնողքներ, այսօր, առանց իրենց զաւակներով կու գան եկեղեցի: Ինչո՞ւ ասոնց զաւակները չեն գար եկեղեցի, կամ փոխանակ եկեղեցի գալու, ո՞ւր կ՛երթան: Ինչո՞ւ չենք կրցած զանոնք հրապուրել որ եկեղեցի գան: Պատճառը մէկ է սիրելիներ: Կը թուի, թէ մեր տուած դաստիարակութիւնը վրիպեցաւ իր նպատակէն, թերեւս ալ տալ ուզեցինք բան մը, զոր մենք չունէինք եւ կամ տալու ձեւը չգիտցանք, որպէսզի Յիսուսի Ձայնը՝ աւետարանին ձայնը խօսի իրենց մէջ: «Այսօրուայ աշխարհը, կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, կարիքը ունի անձերու, որոնք Աստուծոյ հետ խօսին, որպէսզի կարենան խօսիլ Աստուծոյ մասին: Նկատի առնելու ենք նաեւ, կը շարունակէ Սրբազան Քահանայապետը, որ Յիսուս գեղեցիկ խօսքերով չէ որ փրկեց աշխարհը այլ՝ իր չարչարանքով եւ մահով»: Հետեւեբար, աւետարանող, բարի աւետիսը փոխանցող ըլլալ, առանձնաշնորհում մը չէ, այլ հաւատքէն մղուած պարտաւորութիւն մըն է: Աստուծոյ խօսքին ուժը մեր միջոցներէն կախեալ չէ, այլ Աստուծմէ, որ զայն ծածուկ կը պահէ իմաստուներէն, եւ կը յայտնէ խոնարհներուն, խաչափայտին վրայ:
Աշխարհը պէտք չունի մեր գեղեցիկ խօսքերուն, այլ՝ մեր հաւատքին: Աշխարհը պէտք ունի մեր գեղեցիկ օրինակին: Աշխարհը պէտք ունի ցուցմունքներու, հասնելու համար յաւիտենական կեանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.