2012-09-21 13:05:55

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահները Այցելեցին Մատենադարանի Հիմնարկ-Թանգարան: Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Մէջ։


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ երէկ այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանի ՝՝հիմնարկ-թանգարան՝՝ եւ ծանօթացաւ վերանորոգուած սրահներուն:
Այնուհետեւ երկու հայկական պետութիւններու նախագահները մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի երկրորդ նիստին:
Երէկ(20 սեպտեմբեր) Հայաստան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին դիմաւորեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ապա Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ միասնական գոհաբանական աղօթք:
Աղօթքէն ետք Ամենայն Հայոց Հայրապետը բարի գալստեան խօսքով ողջունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը` փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ առիթներ կը պարգեւէ հանդիպելու եւ առ Աստուած միացեալ աղօթք բարձրացնելու հայ ժողովուրդի ապահով ու բարօր կեանքի, հայրենիքի շինութեան ու յառաջընթացին համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու ազգային կեանքը յուզող հարցերուն ու խնդիրներուն:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու միասնական տէրունական աղօթքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.