2012-09-20 13:32:46

Սրբազան Հայրը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ Գիտաժողովի մասնակցող 120 նոր եպիսկոպոսներ։


Հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի Կաթողիկէ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ կարգ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12ին Զուիցերեացիներու անուան Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ Գիտաժողովի մասնակցող 120 նոր եպիսկոպոսներ։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ակնարկեց յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի մէջ նշուելիք <<Նոր Աւետարանութիւնը եւ Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումը>> նիւթով եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու բացման 50րդ տարեդարձին, Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի հրատարակման 20րդ տարեդարձին եւ Հաւատոյ տարույն հռչակման։
Այս բոլորը առիթներ են - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ամրապնդելու հաւատքը որուն, դուք Սիրելի եղբայրակիցներ, դաստիարակներ էք։
Ձեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը թող ըլլայ խթանել ու աջակցիլ <<աւելի համոզուած վճռական եկեղեական յանձնառումի, նոր աւետարանցման գծով, վերագտնելու համար հաւատքի երջանկութիւնը եւ ոգեւորութիւնը հաւատքը փոխանցելու>>։ Ասոր համար դուք կանչուած էք խրախուսելու եւ խթանելու հաղորդութիւնը եւ համագործակցութիւնը ձեր թեմին զանազան իրողութիւններու միջեւ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր խօսքը կեդրոնացուց նոր աւետարանութեան առաքեալութեան վրայ, հաստատելով որ անիկա մասնագէտներու վերապահուած գործ մը չէ այլ համայն Աստուծոյ ժողովուրդին գործն է իրենց Հովիւներու առաջնորդութեամբ։
Հաւատքը - ըսաւ նորին Սրբութիւնը - կը պահանջէ հաւատալի վկաներ, որոնք կը վստահին Տիրոջ ու անոր կը դիմեն, ըլլալու համար <<կենդանի նշաններ Յարուցեալին ներկայութեան աշխարհի մէջ>>։ Եպիսկոպոսը հաւատքի առաջին վկան է եւ հաւատացեալներու ուղեւորութիւնը կ՛առաջնորդէ անոնց ներկայացնելով Աստուծոյ վրայ վստահուած՝ օրինակելի կենցաղ մը։ Կարելի չէ ծառայել մարդոց եթէ նախ Աստուծոյ ծառաները չենք ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։ Ողորմութիւնը թող ձեզ մղէ ըլլալու մօտիկ ձեր քահանաներուն հայարկան սիրով քաջալերեցէք զանոնք։ Անոնք ձեր անմիջական գործակիցներն են Աստուած տանելու մարդոց ու մարդիկը Աստուծոյ։ Ուշադրութիւն ըրէք աղքատներուն, չքաւորներուն եւ տառապողներուն ու բոլոր անոնց որ կեանքի իմաստը կորսնցուցած են։ Յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցէք ընտանիքներուն, ծնողներուն որպէսզի իրենց զաւակներուն համար ըլլան հաւատքի առաջին դաստիարակները։ Երիտասարդներուն որպէսզի իրենց կեանքը կառուցեն Քրիստոսի հետ բարեկամութեան ամուր ժայրի վրայ։ Յատուկէն հետեւեցէք նորընծաներուն ու անոնց մարդկային, հոգեւոր, աստուածաբանական եւ հովուական կերտումին որպէսզի հասարակութիւնները ունենան հասուն եւ ուրախ Հովիւներ ու հաւատքի վստահելի առաջնորդներ։

Խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ Պօղոս առաքեալը Տիմոթէոսի կը գրէր <<հետամուտ եղիր արդարութեան, հաւաքտի, սիրոյ, խաղաղութեան. Տիրոջ ծառան պէտք չէ կռուազան ըլլայ, այլ հեզաբարոյ, կարող ուսուցանելու եւ պէտք է անոխակալ ըլլայ։>> Այս բառերը յիշելով ձեր բոլորին վրայ կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս որպէսզի ձեցի յանձնուած եկեղեցիները Սուրբ Հոգիի շունչով, զօրացած հաւատքի մէջ, աճին ու զայն հռչակեն պատմութեան ուղիի ընդմէջէն նոր ոգեւորութեամբ.








All the contents on this site are copyrighted ©.