2012-09-19 14:41:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Լիբանան Ացելութիւնը Անգամ Մը Եւս Ի Յայտ Բերաւ Եկեղեցւոյ Ճշմարիտ Դիմագիծը։


Վատիկանի "Osservatore Romano" օրաթերթի խմբագրապետը` Ճիովաննի Վիան անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան, սեպտեմբեր 14-16, կը գրէ. Այդ այցելութիւնը եղաւ բարեբեր Լիբանանի ու շրջանի երկիրներուն համար։ Մամուլը դրականօրէն արձագանգեց այցելութեան ծաւալին մասին եւ ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետին հանդուգն ու տպաւորիչ քաջութիւնն ու կեցուածքը։ Իր այցելութեամբ - կը գրէ Վատիկանի օրաթերթին տնօրէնը - Քահանայապետը շատ բան տուաւ Լիբանանին ու Միջին Արեւլքին։ Առաքելական Յորդորագիրը յանձնուեցաւ ոչ միայն կաթողիկէ համայնքներուն այլ եւ քրիստոնեայ ու իսլամ բոլոր յարանւանութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Օրաթերթին տնօրէնը դիտել կու տայ որ իսլամ կրօնապետերը մեծ հետաքրքրութեամբ ու յարգանքով հետեւած են Սրբազան Հօր խօսքերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.