2012-09-19 14:35:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


"Թող իմ պատգամներս օժանդակեն քայլեր առնելու դէպի խաղաղութեան ճանապարհ եւ դէպի աւելի սերտ յարաբերութիւն մը քրիստոնաներու եւ իսլամներու միջեւ."

Չորեքշաբթի 19 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.10 անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը, Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն, ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Վատիկան ուր ժամը 10.30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Իր արտասանած Ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
այսօր կ՛ուզեմ սրտով ու մտքով վերյիշել լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան բացառիկ օրերը։ Ճամբորդութիւն մը որ շատ փափաքեցայ կատարել, հակառակ դժուարութիւններուն, նկատի առնելով որ հայր մը պէտք է միշտ մօտիկ ըլլայ իր զաւակներուն երբ անոնք դժուարութիւններ կ՛ապրին։
Ցանկութիւնս եղաւ յայտարարել խաղաղութիւնը որ Յարուցեալ Տէրը թողած էր իր աշակերտներուն, ամփոփելով զայն այս բարերով <<խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ - سَلامي أُعطيكُم» (Յովհ. 14,27) >>։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց առաքելական ճամբորդութեան կէտնպատակին ու զանազան հանգրուաններուն։ Կէտնպատակն էր յետ սիւնհոդոսական <<եկեղեցին միջին արեւելքի մէջ>> տիտղոսով յորդորագիրի յանձնումը միջին արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու պատասխանատուներուն ու նաեւ քոյր եկեղեցիներուն եւ իսլամ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն։

Եկեղեցական յուզիչ դէպք մը եղաւ - հաստատեց Սրբազան Հայրը - եւ միեւնոյն ժամանակ պատեհ առիթ մը երկխօսութիւնը ապրելու բարդ եւ տարածաշրջանի համար խորհրդանշական երկրի մը մէջ որ իր աւանդութեամբ կրօնական եւ ընկերային տարբեր բաղադիրներու համակեցութեան եւ համագործակցութեան վայր հանդիսացած է։

Նորին Սրբութիւնը անդրադաձաւ քաղաքական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններու, երկրի կաթողիկէ հասարակութեան ու մանաւանդ երիտասարդութեան հետ ունեցած հանդիպումներու մասին։

Իմ մօտիկութիւնը յայտնեցի միջին արեւելքի երկիրներու քաղաքացիներու ձգտումներուն, անոնց ուղղելով քաջալերանքի ու խաղաղութեան պատգամ մը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - անդրադառնալով իրագի ու սուրիոյ մէջ տիրող տագնապային իրավիճակին ու բնակչութեան ապրած դժուարութիւններուն, անոնց յայտնելով իր մօտիկութիւնն ու ապահովցնելով իր աղօթքները։

Կաթողիկէներու հետ հանդիպումը իմ մէջս գոհունակութեան զգացում մը յարույց ի տես անոնց հաւատքին ու անոնց վկայութեան։ Զանոնք հրաւիրեցի իրենց նայուծաքը կեդրոնացենլու Խաչուած Քրիստոսի վրայ որպէսզի անկէ գտնեն պէտք եղած ույժը յաղթահարելու ատելութիւնը ու մահը` սիրով։

Շնորհակալ եմ Տիրոջ այս թանկարժէք պարգեւին որ այդ շրջանի եկեղեցիներուն համար ապագայի յոյս է - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ - ու շնորհակալական խօսք մը ուղղեց նաեւ բոլոր անոնց որ կարելի դարձուցին այս Ճանապարհորդութիւնը սկսեալ երկրի քաղաքական իշխանութիւններէն ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրաիրքներէն։ Շնորհակալական իր այս խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ մահմետական հասարակութեան <<անկեղծ եւ հարգալից ընդունելութիւնը>> ընդգծելով որ ժամը հասած է միասնաբար վկայելու բաժանումներու, բռնութիւններու եւ պատերազմներու դէմ։

Ապա խօսելով երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպման մասին ըսաւ. Շաբաթ յետ միջօրէին Պքէրքէի մէջ հանդիպեցայ լիբանանէն եւ միջին արեւելքէն ժամանած հազարաւոր երիտասարդներուն, անոնց ընդգծեցի Յիսուսի ապրած հողերու վրայ ապրելու բախտաւորութիւնը, զանոնք յորդորելով մնալու հաւատարիմ իրենց հողերուն, հակառակ ամէն դժուարութիւններուն եւ ապահովական անկայունութեան ու հրաւիրեցի զիրենք ապրելու կայուն հաւաքտի մէջ, իրենց անձնական կապը ամրապնդելով Քրիստոսի հետ հակազդելու համար բռնութիւններուն ու պատերազմին։ Տեսնելով քրիստոնեայ եւ իսլամ երիտասարդներուն միատեղ համախմբումը զիրենք քաջալերեցի միասնաբար կերտելու Լիբանանու եւ միջին արեւելքի ապագան։Հաշտութիւնն ու համաձայնութիւնը աւելի զօրաւոր ըլլալու են քան մահն ու անոր սպառնալիքները։

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը անդադարձաւ կիրակի օրուայ առաւօտեան մատուցած բացօթեայ սուրբ պատարագին. Սուրբ զոհի ընթացքին - ըսաւ Ան - ուզեցի յորդորրել հաւատացեալները ապրլելու իրենց հաւատքը ու զայն վկայելու առանց վախի, գիտակից ըլլալով որ քրիստոնեայի եւ եկեղեցւոյ կոչումը, Յիսուսի նման, աւետարանը քարոզելն է ամէնուն, առանց խտրութեան։Ընդհառումներուվ ապրուած կացութեան մը մէջ նշեցի խաղաղութեան ու արդարութեան ծառայելու անհրաժեշտութիւնը դառնալով հաշտութեան գործիքներ եւ հաղորդութեան կերտիչներ։

Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով ճառը - Լիբանանու մէջ ապրած օրերս եղան հաւատքի եւ հոգեւորութեան հիանալի արտայայտութիւն ու խաղաղութեան մարքարէական նշան։ Թող իմ զանազան պատգամներս օժանդակեն քայլեր առնելու դէպի խաղաղութեան ճանաղարհ եւ դէպի աւելի սերտ ու հասկնաեի յարաբերութիւն մը ստեղծելու քրիստոնաներու եւ իսլամներու միջեւ. հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուող հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Յիսուսի հետ ձեր բարեկամութիւնը սիրելի երիտասարդներ ձեցի համար ըլլայ ուրախութեան ակնաղբիւր ու նեցուկ, կատարելու համար յանձանռու ընտրանքներ։ Ձեզի համար սիրելի հիւանդեր ըլլայ սփոփանք դժուար պահերու ընթացքին, ու դուք սիրելի նորապսակեալներ ապրեցէք Քրիստոսի միութեան մէջ, հաւատարմօրէն իրագործելու համար ձեր կոչումը փոխադարձ սիրոյ մէջ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.