2012-09-19 14:25:21

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցիչներու Ընդհանուր Ժողովը:


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 տարեշրջանի ուսուցիչներու ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 14 Սեպտեմբերին:
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին վարժարանի հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան եպս.Աշգարեանի եւ մանկապարտէզի վաստակաշատ ուսուցչուհի տիկին Էլիզ Սէօքիւնեան-Վարդանեանի յիշատակը, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար գալուստ, որ առաջին հերթին ներկայացուց Մեսրոպեանի մեծ ընտանիքին միացած նոր անդամներուն անունները եւ պաշտօնները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն:
Անցնող տարեշրջանին գործունէութիւնը արժեւորելէ ետք, պրն.տնօրէնը շեշտեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի շարունակուի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հետ կրթական գործակցութիւնը, որուն հիմքը ուսուցիչներու վերաւորակաւորումն է եւ կրթական ծրագիրի պատշաճեցումը արդի կրթական չափորոշիչներուն: Պրն. Կրէկուար Գալուստ հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը ունի հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւն, որ հայ դպրոցի էութեան հիմքն է, եւ որուն համար պէտք է օգտագործել բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցները: Ան նաեւ յայտնեց թէ հաւաքական ճիգերով, գործակցութեան ոգիով, նուիրումով, կազմակերպուածութեամբ, բծախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ, պատկանելիութեան գիտակցութեամբ եւ ճշդապահութեամբ կ՛իրականացուին նպատակները, որոնց իրագործման մէջ անձնակազմի իւրաքանչիւր անհատ ունի իր պարտականութիւնն ու դերակատարութիւնը: Լիբանանի պետական քննութիւններու արդիւնքները առարկայական տուեալներով ներկայացնելէ ետք, Պրն Գալուստ յոյս յատնեց, որ 75-ամեակի սեմին դպրոցը կը յաղթահարէ առկայ դժուարութիւնները եւ կ՛արձանագրէ մեսրոպեանավայել նոր, արդի, կրթական, հոգեւոր եւ ազգային նուաճումներ: Հուսկ՝ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի ու երկրորդականի բաժանմունքներու ժողովները:










All the contents on this site are copyrighted ©.