2012-09-19 12:21:36

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Անանիա Նարեկացի


Ահա 10-րդ դարը եւ առաջին հեղինակը որ կը ներկայանայ մեզի Անանիա Նարեկացին է։ Նախ եւ առաջ ըսենք թէ ան Նարեկացի կոչուած է որովհետեւ երկար ժամանակ Նարեկի Վանքին Աբբահայրը եղած է. Իսկ Գրիգոր Նարեկացիի մօր զարմիկն է։ Իր ժամանակակիցները զինք կը կոչեն մեծ փիլիսոփայ կամ երեւելի վարդապետ։ Կիրակոս Գանձակեցի իրեն շատ աւելի բարձր տիտղոսներ կու տայ. Զինք կ՛անուանէ այր գիտնական, լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, աստուածայնոց գրոց մեկնող, տոմարական արհեստից գիտակ։ Աջս վերջինը թերեւս շփոթելով Շիրակացիին հետ։
Իր կենսագրական գիծերէն շատ բան չենք գիտեր. Հաւանաբար ծնած ըլլայ 900-ի սկիզբները եւ մահացած`Նարեկայ վանքին մէջ 980 թուին։ Գիտենք թէ իրեն յանձնուած է Գրիգոր Նարեկացիի եւ իր եղբայրներուն` Սահակի եւ Յովհաննէսի խնամքը անոնց մօր վաղահաս մահուընէ ետք։ Որպէս մանկավարժ, Անանիա առաջնակարգ դիրքի վրայ դրած է ուսուցիչի մը ունենալիք գիտական հարստութիւնը. Կարեւոր տեղ յատկացուցած է նաեւ գրականութեան եւ երգեցողութեան ուսուցման։
Մեծ պայքար մղած է Թոնդրակեցիներու աղանդին դէմ, մասնաւորապէս որովհետեւ զինք ամբաստանած են որպէս նոյն աղանդին ենթակայ։ Անանիա Մոկացի կաթողիկոսն է որ իրմէ խնդրած է իր հաւատոյ դաւանութիւնը եւ Անանիա, Աբբահայրը Նարեկի, շարադրած է զայն իր նամակին մէջ, որ հրատարակուեցաւ հայերէն լեզուով առաջին անգամուայ համար միայն 1892-ին։
Սակայն անոր նամակին մէջ ուրիշ բան չկայ եթէ ոչ ինքնապաշտպանութիւն եւ նզովք աղանդաւորներու դէմ. Կարելի չէ ունենալ նկարագրութիւն մը Թոնդրակեցիներու աղանդին, ինչ որ հետաքրքրական պիտի ըլլար արդի պատմագէտներու համար։
Բացի իր այս հակաճառական նամակէն ուղղուած Անանիա Մոկացի կաթողիկոսին, Անանիա Նարեկացին ունի նաեւ կարգ մը գրութիւններ, որոնք դժբախտաբար կորսուած են. Ըստ Կիրակոս պատմիչի, ան գրած է Մեկնութիւնը Առաքելական Թուղթերու հետեւողութեամբ Եփրեմի, Ասորիներու մեծանուն Խուրիին, ինչպէս նաեւ Ոսկեբերանի Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի եւ ուրիշ մեծանուն սուրբ Հայրերու։
Ըստ նոյն պատմիչին, Անանիա շարադրած է նաեւ աւետարաններու համաբարբառ մը. Ինչպէս նաեւ ճառ մը, պաշտպանելու համար Սուրբ Աստուած-ի հայկական յաւելումը Որ խաչեցար-ին։ Իսկ մեր ձեռքը հասած է միայն մէկ ճառ, կոչուած Շողակաթ, Եկեղեցւոյ մասին։ Նմանապէս Ճառընտիր-ին մէջ` կը հանդիպինք երեք ճառերու Անանիա Վարդապետին. Մին` վասն աղօթից եւ արտասուաց, երկրոդը` վասն զղջման եւ արտասուաց աղօթից, իսկ երրորդը` կը կոչուի Խրատ հոգեւոր եւ աշխարհէ հրաժարումի մասին է, ինչ որ կը հայի մասնաւորապէս կրօնաւորական կեանքին։
Խօսք մըն ալ ըսենք իր աշակերտին` Ուխտանէս պատմիչի մասին, որ գրած է իր պատմութիւնը Անանիա մեծ վարդապետի թելադրութեամբ եւ օգնութեամբ. Անոնք, 4 Յուլիս 980 թուականին, Ախուրեան գետի եզերքը նստած` գլուխ գլուխի, միասին քննարկած եւ ծրագրած են աշխատութեան կառոյցը եւ բովանդակութիւնը։ Գործին առաջին գլուխը նուիրուած է արդէն Անանիա Նարեկացիին։
Ուխտանէս կը կոչէ զինք` հոգեզարդ փիլիսոփայ եւ հռչակաւոր հռետոր։
Իս սանուկը` Գրիգոր Նարեկացին շատ օգտակար դարձաւ իր մեծ քեռիին գրութիւններու ընթօրինակութեան մէջ. Գրիգորի եւ իր եղբայրներու կատարած ընդօրինակութիւնները մեծապէս սատարեցին հայ գրականութեան պահպանումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.