2012-09-19 14:25:06

Գրող՝ Արմէն Դարեանի Ծննդեան 90-ամեակին Առթիւ Երեկոյթ։


Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Խօսքը։
Պէյրութի՝ Հայկազեան համալսարանին մէջ նշուեցաւ սփիւռքահայ գրող Արմէն Դարեանի ծննդեան 90-ամեակը, կազմակերպութեամբ՝ Լիբանանահայ գրական շրջանակին եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթին:Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նինա Նորշահեան: Ապա օրուան առաջին բանախօս հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի խօսքը, «Դարեան արձակագիրը» խորագրով, փոխանցեց գրող՝ Սարգիս Նաճարեան: Խօսք առին նաեւ՝ Ժիրայր Դանիէլեան եւ մեթր Գասպար Տէրտէրեան, «Տիպ ու տառի սպասարկուն» եւ «Արմէն Դարեան մարդը» խորագրով։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ, Նանօր Մաճառեան դաշնակի վրայ նուագեց Շումանէն կտոր մը, ապա երգով ու նուագով մեկնաբանեց Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երկիր հայրենի»-ն: Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց Արմէն Դարեանի «Մեր հացը» պատմուածքը եւ «Պարտիզպանը» քերթուածը:
Ներկայ էր նաեւ գրողին այրին, յատուկ Մոնրէալէն Պէյրութ ժամանած՝ որ ընթերցեց Արմէն Դարեանի զաւկին` Վիգէն Ադդարեանի խօսքն ու շնորհակալիքը` այս ձեռնարկին կազմակերպման առիթով:
Կազմակերպիչները հրատարակած էին նաեւ 28 էջնոց գրքոյկ մը, որուն մէջ ներկայացուած էին Արմէն Դարեանի կենսագրութիւնը, հայ գրողներու կարծիքներ` իր մասին եւ իր գործերէն հատուածներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.