Կլենտէյլի հանրային գրադարանի բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ գրադարանի «Արուեստ եւ մշակոյթ»
բաժանմունքին հովանաւորութեամբ, 11 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ «Անապատի Ագռաւներ.
Լեւոն Եօթնեղբարեանի յուշերը» (Crows of the Desert: Memoirs of Levon Yotnakhparian)
հատորի ներկայացումը: Հատորին խմբագիրն է լուսանկարիչ Լեւոն Բարեան, որ պիտի ներկայացնէ
վերջերս հրատարակուած այս հատորը, որ իր մեծ հօր յուշերն են: Հատորը անգլերէնի թարգմանուած
է Լեւոն Բարեանի մօր կողմէ, իսկ խմբագրական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են
ընտանեկան այլ պարագաներ: Բարեան ներկայիս կ՛աշխատի շարք մը ծրագիրներու վրայ, որոնցմէ
մէկը կ՛առնչուի «Ցեղասպանութեան ծրագիր»ին այն նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է հատոր
մը հրատարակել վերապրողներու լուսանկարներու եւ յուշերու մէկտեղումով: Լեւոն Եօթնեղբարեան
1909ին օսմանեան բանակին զինուոր դարձած՝ ինքզինք կը գտնէ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած
Ցեղասպանութեան դէմ յանդիման: Հատորը նաեւ հազարաւոր անօգնական եւ որբացած հայերու օգնութեան
հասնելու պայքարի պատմութիւնն է: Հարստացած պատկերներով, քարտէսներով եւ անգլիական
ու արաբական բարձր հրամանատարութեանց փաստաթուղթերով, սոյն հատորը կը կարդացուի արկածախնդրութեանց
մասին գրուած վէպի մը նման: Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէնով: