2012-09-18 13:45:17

Եգիպտոսի Ղպտի Օրթոտոքսները յառաջիկայ դեկտեմբեր 2-ին Պիտի Ընտրեն Իրենց Պապ- Պատրիարքը.


Եգիպտոսի Ղպտի Օօրթոտոքսները նոր ՝՝Պապ-Պատրիարք՝՝ պիտի ունենան յառաջիկայ 2 դեկտեմրին։ Շանուտայ Գ.-ին յաջորդը, վախճանած անցեալ մարտին, պիտի որոշուի ընտրական ժողովէ մը, կազմուած 2.400 հոգիներէ` հոգեւորական թէ աշխարհական։ Յառաջիկայ 24 նոյեմբերին անոնք պիտի նշանակեն 3 թեկնածուներ։

Ղպտի Օրթոտոքս աւանդութեան համաձայն, 9 տարեկան մանուկի մը ձեռքով (նշան անմեղութեան) որը ծածկուած աչքերով, ընտրուած 3 թեկնածուներէն մէկուն անունը պիտի հանէ ։ Յայտնենք որ Ղպտի Օրթոտոքս Պատրիարք ընտրելու համար պայման է որ Թեկնածուն ըլլայ 40 տարեկանէն վեր, Կուսակրօն, եւ թէ 15 տարի ապրած ըլլայ վանատան մը մէջ, եւ ունենայ նեցուկը գէթ Սիւնհոդոսին մաս կազմող եօթը Եպիսկոպոսներու ։








All the contents on this site are copyrighted ©.