2012-09-18 13:18:21

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորական Գիրը Հ Հ Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին, Անկախութեան Տօնին Առթիւ


Վսեմաշուք Տիար Նախագահ,
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով ընդունեցէք մեր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները, որոնք միաժամանակ արտայայտութիւնն են Մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ անոնց հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր կառոյցներուն զօրակցութեան Հայկական Պետականութեան։ Արդարեւ, Անկախութեան Տօնը առիթ է աշխարհասփիւռ Հայութեան համար իր զօրակցութիւնը վերահաստատելու հայկական պետութեան եւ բոլոր մարզերէն ներս անոր հզօրացման միտող քայլերուն։ Անկախութեան Տօնը միաժամանակ առիթ է ցուցաբերելու մեր հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին միասնականութիւնը, որուն մէջ կը կայանայ Հայրենիքին եւ Ազգին ուժը։ Աւելի քան երբեք այս օրերուն մենք պէտք ունինք միասնականութեան այդ ուժին՝ դիմագրաւելու համար մեր Երկրին եւ մեր ժողովուրդին ուղղուած թշնամական մարտահրաւէրները։
Մեր մաղթանքն է որ, սիրելի Տիար Նախագահ, ազգային իւրաքանչիւր տօն հայկական պետութեան շուրջ մեր համախմբուածութիւնը եւ համազգային միաբանութիւնը վերահաստատելու առիթ ըլլայ։
Անկախութեան Տօնին առիթով, Տիար նախագահ, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Ձեզ, եւ Ձեր միջոցաւ՝ համայն հայ ժողովուրդը, Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցելով Աստուծմէ Իր հովանիին տակ պահել Ձեզ, Հայաստանը, Հայկական Պետութիւնը, Հայոց Բանակն ու համայն հայ ժողովուրդը։
Հայրական օրհնութեամբ՝ + Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Պէյրութ, 11 Սեպտեմբեր 2012








All the contents on this site are copyrighted ©.