2012-09-17 15:21:50

Վերջ Գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Լիբանան։


Մխիթարութեան ու յոյսի երեք օրեր...
Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը`
''Թող Տէրը Միջին Արեւելքը Յանձնէ Խաղաղարարներուն Եւ Հաշտարարներուն''։
Այս մաղթանքներով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եզրափակեց եռօրեայ այցելութիւնը Լիբանան։ Սրբազան Հայրը Լիբանանէն կը մեկնի խրախուսելով Միջին Արեւելքի ժողովուրդները հաշտութեան։ Մայրիներու երկիրը պէտք է դիմադրէ խաղաղութեան ոսոխներուն ու շարունակէ ըլլալ ընկերութիւն մը բազմազան մաշկոյթով ու կրօնքով եւ վճռակամ հզօրացնէ եղբայրակցութիւնը բնակիչներու միջեւ։
Համամիութենական հանդիպումին ընթացքին, ասորի պատրիարքարանին մէջ (կիրակի օրը) Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ յարանուանութիւնները ըլլալու՝ շրջանի ժողովուրդներուն համար, Աստուծմէ եկած խաղաղութեան նշան մը եւ յոյսէն բխած լոյս մը։ Քրիստոսի աշակերտները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կանչուած են ըլլալու՝ միութեան հարազատ վկաները, որպէսզի աշխարհը հաւատայ Քրիստոսի սիրոյն եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան պատգամին։
Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն ուղղած կոչին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, խնդրեց որ սիրեն ու աղօթեն մահմետականներուն համար։ Այս ուղղութեամբ Վատիկանի բանբերը' Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմբարտի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան աւարտին ըսաւ. Սրբազան Հայրը գրեթէ բոլոր ճառերու մէջ ընդգծեց համագործակցութեան հարկաւորութիւնը քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ։ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Լիբանան մեծ երջանկութիւն պատճառեց բոլոր քրիստոնեաներուն եւ մեծ խթան հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ ու քրիստոնեաներու միութեան։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խաղաղութիւնը հայցեց Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքին.
''Կոչ կ'ուղղեմ միջազգային հասարակութեան։ Կոչ կ'ուղղեմ արաբական երկիրներուն որպէսզի` որպէս եղբայրներ, ներկայացնեն դրական ու իրականանալի առաջարկներ ի խնդիր մարդկային արժանաւորութեան, անհատին իրաւունքներուն ու անոր կրօնքին յարգանքին''։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ քրիստոնեաները ու մահմետականները միասնաբար գործեն բռնութեան ու պատերազմի դէմ։
Նշենք որ Սրբազան Հայրը Լիբանան հասած պահուն ըսաւ ''ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ուխտաւոր խաղաղութեան, որպէս բարեկամ Լիբանանի ու շրջանի բոլոր բնակիչներուն, որ դաւանանքի ալ անոնք պատկանին ՝՝։
Լիբանանի Երիտասարդներուն ըսաւ ''դուք էք յոյսը ու երկրին ապագան, հողը հիւրընկալութեան ու համակեցութեան։ Մի` հարստացնէք սփիւռքը, որպէսզի չճաշակէք դառն մեղրը գաղթականութեան''։
Վատիկանի բանբերը` Հ. Լոմբարտի, Սրբազան Հօր Լիբանան այցելութիւնը խտացուց հետեւեալ բառերով. ''Լիբանանը ''նման զով ջուրի, շատ սպասուած ու բաղձալի պահ մը եղաւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.