2012-09-17 11:33:14

Սրբազան Քահանայապետը Աշխարհին Ծանօթացուց Զմմառու Հայկական Վանքը Եւ Յակոբ Մեղապարտը։


Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ Զմմառու Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ 263 ամեայ վանքը։
Կարեւոր՝ մանաւանդ անոր համար որ այս այցելութիւնը համայն քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձուց Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց մէկ բարձունքին վրայ 1749-ին հաստատուած վանքը, որ սոսկ Պատրիարքական Աթոռ մը եւ Արծիւեան Պատրիարքական Միաբանութեան նստավայրը չէ, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ հայոց դարաւոր ներկայութեան հնագոյն վկայութիւնը, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Կարդինալ Աղաճանեանի նման մեծահռչակ հայ եկեղեցական դէմքերու հոգեմտաւոր կազմաւորման վայրը, ապագայ միաբաններու եւ առաքեալներու դարբնոց մը, բազմահազար ձեռագրեր, տասնեակ հազարաւոր հնատիպ գիրքեր, հոգեւոր, հաւատքի եւ արուեստի իրեր պահող-պահպանող տոհմային թանգարան մը։ Այս բոլորով հանդերձ, ան եղած է փրկարար ովասիս մը Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու եւ յաճախ ապաստան մը՝ Լիբանանի ու շրջանին մէջ տեղի ունեցած բրտութիւններէ փախչող մարդոց եւ ընտանիքներու։
Արծիւեան Միաբանութեան դարաւոր այս վանքը նաեւ ուխտավայր մըն է՝ իր հրաշագործ Տիրամայրով, որուն նուիրուած մատուրին մէջ ծնրադիր աղօթելու կու գան տառապահար ու տագնապահար հաւատացեալներ՝ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եւ հարեւան երկիրներէն Զմմառու Տիրամայրը դարձած է անյոյս դատերու պաշտպանը։։
Այս բոլորը գիտէ՛ր Բենեդիկտոս ԺԶ Պապը եւ իր այս գիտցածը ուզեց որ իմանայ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհը, ուզեց որ գիտցողները վերյիշեն, իսկ չգիտցողները գիտնան, որովհետեւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը նաեւ վկայութիւնն է ամէն քրիստոնեայի տոկալու եւ իր հողին ու արմատներուն կառչելու կամքի ուժին, փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի, եղբայրսիրութեան ու ծառայասիրութեան, վեհանձնութեան ու հանդուրժողութեան, խաղաղութեան եւ քրիստոնեական, մարդկայնական այն արժէքներուն, որոնք հիմը կը կազմէին Լիբանան ժամանած պահէն իր արտասանած ճառերուն, տուած պատգամներուն, փոխանցած ակնկալութիւններուն ու արտայայտած մաղթանքներուն։
Պատահական չէր որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետը ուզեց ընդառաջել Վանքի շրջաբակի մուտքին կանգնեցուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին բացումը անձամբ կատարելու հրաւէրին եւ այս առթիւ Զմմառու սիրոյ սեղանին շուրջ եւ լուսարձակներէ հեռու համախմբուած տեսնել Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները եւ անոնց ըսել որ Յակոբ վանականը, կոչուած մեղապարտ, մեզի համար օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչի։
500 տարիներ առաջ ան նախաձեռնեց Ուրբաթագիրքի տպագրութիւնը, կամուրջ մը ստեղծելով արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնեաներուն միջեւ։
Անոր դպրոցէն կրնանք սորվիլ առաքելութեան իմաստը, ճշմարտութեան քաջութիւնը եւ եղբայրութեան արժէքը միասնականութեան մէջ։
Յակոբ Վանականը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ թէ հոգեւոր ծարաւը եւ յաւիտենականութեան որոնումը պէտք է միշտ ապրին մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ մարդ ոչ թէ միայն հացով կապրի, այլ նաեւ ամէն խօսքով որ կելլէ Աստուծոյ բերնէն։
Կը խնդրենք Տիրոջմէ որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը՝ խստօրէն փորձուած տարիներու ընթացքին, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմազան մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող փոխելու մեր ընկերութիւններուն դիմագիծը, բուժելու մահացած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը եւ յոյսը՝ բոլոր յուսահատներուն։
Զմմառու վանք իր պատմական այցելութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ ապացոյցը տուաւ իր նախորդներուն՝ Բենեդիկտոս ԺԴի, Բենեդիկտոս ԺԵի եւ իր անմիջական նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բի հայ ժողովուրդին հանդէպ տածած սիրոյ զգացումով իր տոգորումին։
Առաջինը՝ վերականգնած էր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռը եւ հաստատած Աբրահամ Արծիւեանի ընտրութիւնը իբրեւ գլուխը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցիին։
Երկրորդը՝ իբրեւ վկան Հայոց Ցեղասպանութեան, եղաւ արդարութեան ձայնը միջազգային բեմերէն լսելի դարձնող առաջին դէմքերէն՝ 10 Սեպտեմբեր 1915-ին շատ բուռն բողոքագիր մը յղելով օսմանեան կայսրութեան Մոհամէտ Ե Սուլթանին՝ պահանջելով հայերու հալածանքներուն, տեղահանութիւններուն ու ջարդերուն դադրեցումը։
Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բի հայասիրութեան վկայութիւնները դեռ թարմ են իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ։ Անմոռանալի է մանաւանդ անոր պատմական այցելութիւնը Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանիստին անոր նախագահութիւնը՝ որ 1915-ի Նահատակաց Յուշահամալիրին վրայ կեդրոնացուց համաշխարհային լուսարձակները եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վանք այցելութեամբ եւ հայ առաջին հայատառ մատեանի տպագրութեան 500 ամեակին նուիրուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին օծումը կատարելով, Բենեդիկտոս ԺԶ վերահաստատեց Վատիկանի համակրութիւնն ու զօրակցութիւնը հանդէպ Հայ ժողովուրդին։
Կեցուածք մը որ յատուկ նշանակութիւն կը զգենու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ։

16 - 09 - 2012
Uարգիս Նաճարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.