2012-09-17 15:09:51

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Ուղերձը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, Զմմառու Փոխման Կուսին Վանքին Մէջ։


Զմմառ, 15 Սեպտեմբեր 2012
Սրբազնագոյն Տէր,Յանուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Ամենապատիւ Պատրիարքներուն, Լիբանանի Կաթողիէ Պատրիարքներու եւԵպիսկոպոսներու Համաժողովի անդամներուն, Զմմառու Վանքին Մեծաւորին եւ Վարչութեան անդամներուն, բարի գալուստ կը մաղթեմ Ձերդ Սրբութեան եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ մեծ ուրախութեան համար զոր կը պատճառէք մեզի՝ Ձեր ներկայութեամբ մեր մէջ:
Մեր երախտագիտութիւնը հանդէպ Ձեր վեհաշուք անձին յատուկ կարեւորութիւն կը զգենու, որովհետեւ Դուք Պետրոսի առաջին յաջորդն էք որ կ’այցելէք այս դարաւոր վանքը, որ կառուցուած է 1749-ին որպէս Աթոռ մեր Պատրիարքութեան:
Ձեր նախորդներէն մին, երջանկայիշատակ, Բենեդիկտոս ԺԴ. Պապը, վերականգնեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռը՝ հաստատելով ընտրութիւնը Աբրահամ Արծիւեան Կաթողիկոս Պատրիարքին իբր գլուխ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Եկեղեցւոյն համայն Կաթողիկէ Հայերուն, որ, ձերբազատուելու համար իր հալածիչներու կատաղութենէն, հարկադրուեցաւ ապաստանիլ Լեռնալիբանան, եւ որուն Բենեդիկտոս ԺԴ. Պապը շնորհեց Paliome իբր խորհրդանիշ հոգեւոր Հաղորդութեան Պետրոսի Գահին հետ, 1742-իԴեկտեմբեր 8-ին:
Դարձեալ Ձեր նախորդներէն մին է, բարեյիշատակ Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապը, որ վկայ եղաւ Ձեղասպանութեան որ հարուածեց անպաշտպան Հայ ժողովուրդը, պատուաբեր դեր ունենալով մեր Ազգին պատմութեան մէջ՝ ըլլալով առաջինը որ պաշտօնական կերպով լսելի ըրաւ արդարութեան ձայնը 10 Սեպտեմբեր 1915-ին, խիստ բողոքագիր մը ուղղելով Մէհմէտ Ե. Օսմանեան Կայսրութեան Սուլթանին, որը սակայն, դժբախտաբար, ապարդիւն մնաց:
Դուք իսկ, Սրբազան Տէր 2008-ի Փետրուարին, հաճեցէք պաշտօնական բացումը կատարել եւ օրհնել, Վատիկանի մէջ, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային կից, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած հրապարակը, ի ներկայութեան Էջմիածնի եւ Անթիլիասի Կաթողիկոսներու ներկայացուցիչներուն եւ Հայ քաղաքական անձնաւորութիւններու:
Եւ ահա, պահ մը առաջ, Ձերդ Սրբութիւնը հաճեցաւ օրհնել հայազգի կրօնաւոր Յակոբ Մեղապարտին նուիրուած յուշարձանը, որ կառուցուեցաւ Հայ առաջին հայատառ մատեանին տպագրութեան առիթով՝Վենետիկ, 1512-ին, մատեան մը որ յատկացուած էր Հայ ուղեւորներու եւ ուխտաւորներու գործածութեան:
Այս բոլորէն կը հետեւի որ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կարելի չէ ըմբռնել առանց դիմելու Սուրբ Աթոռի դիւաններուն: Սակայն, բաւարարուեացայ յիշելով միայն երեք Պապերը որոնք կը կրեն Բենեդիկտոս անունը, որովհետեւ անոնք հանդիսացած են մեծ օրհնութիւն մը մեր Եկեղեցւոյն համար: Արդարեւ, Բենեդիկտոս անունը, լատիներէն՝ Benedictus կը նշանակէ «Օրհնեալ», Աստուծոյ օրհնեալը, եւ անոր անուանակիրը յանուն Աստուծոյ կ’օրհնէ հոգիները որոնք իր խնամքին յանձնուած են, զանոնք հովուելու եւ սրբացնելու համար:
Սրբազան Տէր, Ձեր այցելութիւնը Լիբանանի ու Լիբանանցիներուն եւ, անոնց միջոցաւ, Միջին Արեւելքի բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն, կը սպասուէր վառ յոյսով, այցելութիւն մը որու համար Լիբանանի քրիստոնեաները, ջերմապէս աղօթեցին, գիտակից ըլլալով որ անիկա պիտի բերէ, ինչպէս եղաւ Ձեր շատ սիրելի նախորդին, Երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ի այցելութեան առիթով, 1997-ին, ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ պիտի բերէ պտուղներ փոխադարձ ներողամտութեան, շինիչ երկխօսութեան եւ արդիւնաւոր համագործակցութեան, ամրապնդելու համար միասնականութիւնը այս երկրին բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ եւ շարունակել տալու վկայութիւնը անոր՝ իբր պատգամ-երկիր, Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց:
Եւ այժմ, Սրբազան Տէր, սպասելով Ձեր ձեռքերէն ստանալ Յետ Սիւնհոդոսական Առաքելական Յորդորը, զոր ստորագրեցիք երէկ, պատրաստ ենք ունկնդրելու Ձեր հայրական եւ հեղինակաւոր խօսքը:














All the contents on this site are copyrighted ©.