Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Այցը Լիբանան։ Առաքելական Յորդորագիրի
Յանձնում։
Կիրակի 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապտը մատոյց եզրափակիչ
բացօթեայ Սուրբ Պատարագը Պէյրութի կեդրոնական waterfront անուան հրապարակը։ Սրբազան
Քահանայապետը դիմաւորեց Պէյրութի քաղաքապետը անոր յանձնելով քաղաքի բանալիները։ Սուրբ
արարողութեան ներկայ գտնուեցան համայն Միջին Արեւելքէն ժամանած՝ 350 հազարէ աւելի հաւատացեալներ,
երկրի հանրապետութեան նախագահը, ու այլ քաղաքական ներկայացուցիչներ։ Նորին Սրբութեան
հետ համապատարագեցին 300 եպիսկոպոսներ։ Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին միջին արեւելքի
եկեղեցիներու միացեալ երգչախումբ մը, 250 անդամներէ կազմուած որոնց շարքին նաեւ հայ
կաթողիկէ եկեղեցւոյ կռունկ երգչախումբը։ Պատարագին սկիզբը, յանուն միջին արեւելքի
եկեղեցիներու պատրիարքներուն, խօսքը առաւ Մարոնիներու Րայի Պատրիարքը որմէ ետք սկիզբ
առաւ սուրբ արարողութիւնը։ Պատարագի ընթացքին նաեւ հայերէնով աղօթք մը բարձրացաւ
առ Աստուած միջին արեւելքի խաղաղութեան համար. <<Որպէսզի Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի
մէջ, ապաշխարութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան համար թափուած ճիգերը գտնեն երջանիկ
ելք մը, եւ անոնց դերակատարները չյուսահատին, որպսէզի անոնք քու մէջդ ապաստան եւ խարիսխ
գտնեն ո՜վ խաղաղութեան թագաւոր, Տիրոջ աղաչենք>>։ Սուրբ Զոհի աւարտին խօսք առաւ Եպիսկոպոսաց
Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչ, որ շնորհակալական խօսք
յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին, զինք հրաւիրելով՝ Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն.
Թուրքիոյ եւ Իրանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին յանձնելու Յետ Սիւնհոդոսական Առաքելական
Յորդորագիրը։ Այս յորդորագիրի յանձնումով՝ սկիզբ կ՝առնէ անոր ուսումնասիրութեան ու
իւրացումի գործը համայն Եկեղեցւոյ դերակատարներու կողմէ՝ Հոգեւոր Հովիւներ, Նուրեալ
անձինք ու աշխարհականներ, որպէսզի ամէն մէկը գտնէ նոր ուրախութիւն մը յառաջ տանելու
համար իր առաքելութիւնը, եւ ուժ ու քաջալերանք ստանալով՝ ի գործ դնելու համար յորդորագիրի
՜՜Հաղորդութեան եւ Վկայութեան՝՝ պատգամը, մարդկային, վարդապետական, եկեղեցական, հոգեւոր
եւ հովուական գետնի վրայ։ Այս յորդորագիրը, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի սիրելի եղբայրներ
ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) թող ըլլայ ուղեցոյց մը յառաջանալու Քրիստոսի քայլերով։
Թող հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ հաղորդակցութիւնը, զօրանայ ձեր երկիրներուն մէջ եւ ամէն
մէկ հասարակութեան մէջ հաւատալի դարձնելու համար ձեր վկայութիւնը հանդէպ Սուրբ, Միակ
եւ Երրեակ Աստուծոյ։ Միջին արեւելքի սիրելի եկեղեցի (աւելցուց Սրբազան Հայրը) քալէ
քու հայրերուդ հաւատքի ճանապարհէն, անոնք որ իրենց հաւատարմութեամբ բացին Աստուծոյ յայտնութեան
պատասխանը մարդկութեան։ Եղբայրութեան հաղորդակցութիւնը թող նեցուկ ըլլայ ձեր առօրեայ
կեանքին մէջ եւ ըլլայ ՜՜Յիսուսի Եղբայրութեան Տիեզերական Նշան՝՝։ Այս տարածաշրջանը
որ ականատես եղաւ Յիսուսի գործերուն ու ընդունեց անոր խօսքերը թող շարունակէ նաեւ 2000
տարիներ ետք, հռչակելու՝ ՜՜Աւետարանը՝՝ այսօր եւ մինչեւ վերջ։ Այս խօսքերէն ետք Սրբազան
հայրը ներկաներուն յանձնեց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը ու ապա նոյն վայրէն արտասանեց
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։